Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցան մրցումներ Հայաստանի 4 ուժեղագոյն գրոսմայսթրներու հետ: Գրոսմայսթրներ Տիգրան Յարութիւնեանի, Հայկ Մարտիրոսեանի, Մանուէլ Պետրոսեանի եւ Սամուէլ Տէր Սահակեանի 120 մրցումներէն հանգանակուած է 550.000 դրամ, որ կրկնապատկուած է, եւ 1.100.000 դրամ փոխանցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն անձերուն, որոնք մասնակցած են նախաձեռնութեան եւ օգնած սահմանին կանգնած զինուորներուն: