Խառն մենամարտերու (MMA) մէջ Ռուսիան ներկայացնող հայազգի մարտիկ Գէորգի Կարախանեան, Պելլաթոր 251 մրցաշարքին մէջ իրաւարարներու նշանակած կէտերով յաղթեց ամերիկացի Պրիւս Լոկանին:
Հայ մարտիկը յաղթանակը նուիրեց Արցախին:
«Արցախը մերն է: Բոլոր հայերուն համար», յաղթանակէն ետք ըսաւ Գէորգի Կարախանեան, որ մենամարտէն ետք Հայաստանի դրօշով ներկայացաւ:
Կարախանեան խառն մենամարտերու մէջ մասնակցած է 42 մրցումներու, որոնցմէ 30-ը յաղթած է: