Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փելէ` 80 Տարեկան

November 7, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ ամիս Փելէ նշեց իր 80-րդ տարեդարձը:

Աշխարհի մէջ արժէքներու արագ անկումին ընթացքին նորոյթ եղած է եւ ոմանց համար կարծես քաջագործութիւն, բանիմացութիւն է նսեմացնել նախկին աստղերու` արուեստագէտներու, մարզիկներու, գիտնականներու, ղեկավարներու նուաճումները:

Նոյնին ականատես եղանք, երբ Լիբանանի մէջ 1990-ական թուականներուն վերսկսաւ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, եւ ՀՄԸՄ կազմեց բաւական լաւ խումբ մը, որուն աստղերը եղան Վարդան, Դրօ, Սամուէլ եւ այլն: Յայտնուեցան իմաստակներ, որոնք  50-ական, 60-ական թուականներու աստղերու` Պոմպ Աթոմիքի, Ուստայի, Աբոյի, Ճոքիի բացառիկ նուաճումները փորձեցին արժեզրկել, հեգնական արտայայտութիւններով:

Նորաձեւութիւն դարձած է նուազեցնել Փելէի բացառիկ  նուաճումները` քննադատելով զայն:

Փէլէ 2 Փէլէ կը հարուածէ Ինթեր Միլանի Պրունօ Պոլչիին, երբ կիրքերը կը լարուին, 1963-ի «բարեկամական» մրցումին

Առնուազն երեք սերունդներու համար Փելէն միշտ ամէնէն մեծն է: Պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ դարու խաղացողը եւ միակը, որ երեք անգամ նուաճած է ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Մարդը, որուն հիանալի խաղերը  օգնեցին ֆութպոլը գեղեցիկ խաղի վերածելու: Ուրիշ մը այլեւս բնաւ պիտի չըլլայ:

Բայց երբ ժամանակը կ՛անցնի եւ յիշողութիւնները կը մարին, նոր հերոսներ կը յայտնուին:

Նախ` Տիեկօ Մարատոնան: Փելէի մշակոյթի  հակառակ կերպարը: Անոնք, որոնք 1980-ականներուն կը տօնէին Մարատոնայի սխրանքները, մեծցած են եւ  այժմ ժամանակակից աշխարհի կարծիքը ձեւաւորողներն են: Անոր մեծութիւնը կ՛աճի:

Աւելի նոր ժամանակներուն, Լիոնել Մեսսիի եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նուաճումները տիրապետեցին, անոնց միլիոնաւոր համակիրները, չբաւարարուելով այդ չափով, կը ձգտին տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իրենց կուռքերը կը նուաճեն այլ ժամանակ: Մեսսին պարզապէս ամէնէն լաւը չէ: Ան բոլոր ժամանակներու լաւագոյնն է:

Դժբախտաբար, աշխարհի ամէնէն ժողովրդական  մարզաձեւի վաւերական աստղերէն մէկուն գովասանքը յաճախ կը նշանակէ նսեմացնել այլ աստղի մը նուաճումները: Եթէ Մեսսիի եւ Ռոնալտոյի համակիրները միացնող նիւթ մը կայ, ատիկա Փելէին մեծութիւնը նուազեցնելն է:

Ընկերային ցանցը պատերազմի դաշտն է: Անոնք, որոնք ականատես եղած են պրազիլցիին փայլքին, կը մնան անկարող զայն մոռացութեան մատնող ծաղրին ուղղութեամբ: Անոր կոլ նշանակելու մրցանիշը նկատուած է չափազանցութիւն: Փէլէի  տարիքը կը նկատուի միակ պատճառը ` չհաւատալու իր լաւագոյնը ըլլալու  կարգավիճակին:

Բայց հազարէ աւելի կոլ չէ՞ նշանակած: ՖԻՖԱ-ն պաշտօնապէս ընդունած է 1281 կոլ:

Այս նուաճումը ամէնէն շատ ծաղրուածն է անոր մեծութիւնը ուրացողներուն կողմէ: Անոնք կ՛ըսեն, որ այդ կոլերուն մէկ մասը բարեկամական մրցումներու ընթացքին էին, երբ մրցակցութիւնը սուր չ՛ըլլար, կամ երբ  օր ցերեկով ան կ՛երազէր բաղնիքին մէջ:

Ճիշդ է, որ շուրջ 500 կոլ ան նշանակած է բարեկամական խաղերու ընթացքին, սակայն աւելի քան 700 կոլ նշանակելը տակաւին շատ մեծ նուաճում է: 700 կո՜լ: Անգերազանցելի թիւ մը: Իսկ բարեկամական մրցումները այնքան ալ մեղմ մթնոլորտով չեն ըլլար, եւ յաճախ մրցակցութիւնը սուր ըլլալով կիրքերը կը լարուին: Ներքեւի նկարը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին է:

Փէլէ Պրազիլի Սանթոս ակումբին տարազով 600 կոլ նշանակած է: Ֆութպոլի պատմութեան մէջ եզակի նուաճում մը:

Փէլէն մերժողները նոյնպէս կ՛ըսեն, թէ ան խաղացած է միայն Պրազիլի մէջ, եւրոպական ակումբի մը մաս չէ կազմած:

Այո՛, բայց այդ տարիներուն աշխարհի մէջ լաւագոյնը Պրազիլի ախոյեանութիւնն էր: Հոն էին աշխարհի ամէնէն փայլուն, տաղանդաւոր ֆութպոլիստները. Տիտի, Մարիօ Զակալօ, Նիլթոն Սանթօ եւ Կարինչա:

Ախոյեանութեան 11 մրցաշրջաններու աւարտականներուն Փէլէ 13 կոլ նշանակած է:

Նոյնպէս ըսողներ կան, որ ան Եւրոպայի մէջ յիշատակելի բան մը չէ ըրած:

Ինչպէ՞ս թէ: Քանի մը օրինակներէն միայն մէկը նշենք:

Փէլէ քանի մը անգամ ճակատած է եւրոպական խումբերու դէմ: Այդ մրցումներուն անոր խաղարկութեան մասին ոչ ոք կրնայ վիճիլ: Անոր տաղանդը բացայայտ տեսնուեցաւ Եւրոպայի բաժակակիր Պենֆիքայի դէմ, 1962-ի Միջազգային բաժակի դարձի մրցումին, որ, ըստ Փէլէի, իր լաւագոյն խաղն է:

Մարաքանա դաշտին վրայ երթի մրցումին (3-2 ի նպաստ Սանթոսի), արդէն իսկ 2 կոլ նշանակած ըլլալով, Փէլէ բոցավառեց  Լիզպոնի դաշտը`  Սանթոսի 5-2 յաղթանակին ընթացքին, նշանակելով երեք կոլեր եւ շուքի մէջ ձգելով տեղւոյն հերոսը` Էոսեփիոն: Ուղղակի մասթըրքլաս մըն էր:

Պենֆիքայի բերդապահ Քոսթա Փերերա մրցումէն ետք ամփոփեց ընդհանուր տրամադրութիւնը. «Ես դաշտ մտայ յուսալով կանգնեցնել մեծ մարդ մը: Բայց ես դաշտէն ելայ համոզուած, որ  ես զգետնուած եմ մէկու մը կողմէ, որ այլ մոլորակի մը վրայ ծնած է, մնացեալներուս նման այս մոլորակին վրայ չէ ծնած»:

Ֆութպոլի ամէնէն երկարատեւ վէճը անշուշտ տակաւին պիտի շարունակուի: Վերեւ նշուածները փոքր մաս մըն են հաստատելու, որ Փէլէ տակաւին իրաւացի կը նկատուի ֆութպոլի Օ Ռէյ-ը` Թագաւորը:

Անշուշտ կարելի է նախընտրել ուրիշներ, բայց պէտք չկայ նսեմացնել հսկայական նուաճումները Էտսոն Արանթես Տօ Նաչիմենթոյի: 80 տարեկանին Փելէ արժանի է յիշուելու պարզապէս իբրեւ մեծ:

 

 

Նախորդը

Կ. Կիլոյեան` Արցախէն. «Միհրանն Այստեղ Մեծ Գործ Կ՛ընէ` Խիզախ, Անվախ Եւ Պատրաստ Ամէն Բանի»

Յաջորդը

Իրան-Հայաստան -Արցախ Փոխօգնութեան Եռակողմանի Հրամայականը

RelatedPosts

Էմ. Էմ. Էյ.  Ագիթ Համադեան Կարեւոր  Յաղթանակ Արձանագրեց
Մարզական

Էմ. Էմ. Էյ. Ագիթ Համադեան Կարեւոր Յաղթանակ Արձանագրեց

March 9, 2026
Բռնցքամարտ.  Տիգրան Մաթեւոսեան 2 Մրցում Յաղթեց Եւ Դարձաւ Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Տիգրան Մաթեւոսեան 2 Մրցում Յաղթեց Եւ Դարձաւ Ախոյեան

March 9, 2026
Բռնցքամարտ.  Պատերազմը Խափանեց Հայաստանի Ազգային Խումբի Ծրագիրները
Մարզական

Բռնցքամարտ. Պատերազմը Խափանեց Հայաստանի Ազգային Խումբի Ծրագիրները

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.