Ինքնաշարժներու եւ զբօսաշրջութեան լիբանանեան ակումբը կը կազմակերպէ Լիբանանի 43-րդ միջազգային ռալին, որ տեղի պիտի ունենայ 13 եւ 14 նոյեմբերին` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Ռալիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 480,39 քմ, որմէ 192,30 քմ-ը արագութեան 10 յատուկ փուլերու երկարութիւնն է, որմէ մէկը ցուցադրողական փուլ է: