Վաղը` չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը սկսի իր փորձերուն` պատրաստուելու համար Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:
Ազգային խումբին մարզիչն է Ճօ Մուժահես, իսկ անոր օգնականը` Ժատ Հաժ:
Այս փորձերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 14 մարզիկները.
Ժերար Հատիտեան, Ուաէլ Արաքժի, Ազիզ Ապտել Մասիհ, Էլի Շամուն, Քարիմ Զէյնուն, Ալի Մանսուր, Ալի Հայտար, Քարիմ Ազզէտտին, Էլի Ռըսթոմ, Ժոզեֆ Շարթունի, Ժորժ Պէյրութի, Ալի Մըզհեր, Աթեր Մաժոք եւ Նետիմ Սուէյտ:
Ազգային խումբին այս փորձերը տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):