Երէկ` երկուշաբթի, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ժողովը:
Քննարկուեցան օրակարգի վրայ եղող բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին` նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Յայտարարուեցաւ, որ 6 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան նոր ընտրութիւնները:
Ժողովին ընթացքին ֆետերասիոնի նախագահ` Միշել Ապի Ռամիա յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն մտադիր չէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել: