Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլան, որ այս տարեշրջանին կը կատարէ բաւական լաւ ելոյթներ, արձանագրեց իր 5-րդ յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Ուտինեզէի դաշտէն:
Միլանոյի կազմին այս յաղթանակը կերտեց շուէտացի 39 տարեկան յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, 83-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ան կատարեց նշանակուած առաջին կոլին (18-րդ) էսիսթը:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Սփեցիայի դաշտէն:
Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ վերջին չորս մրցումներէն բացակայած էր («Քորոնա» ժահրին պատճառով), դաշտ ներկայացաւ 56-րդ վայրկեանին: Դաշտ իջնելէ երեք վայրկեան ետք ան նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը: Իսկ 76-րդ վայրկեանին ան նշանակեց կոլ մը եւս:
Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց Ֆիորենթինան, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ, նշանակուած երկրորդ կոլին (70-րդ) էսիսթը կատարեց:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք հռոմեան կազմը ունեցաւ 11 կէտ: Ա. Սէ. Միլան, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, ունի 16 կէտ, մինչ Եուվենթուս` 12 կէտ: