Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

March 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը խստիւ կը դատապարտէ կիրակի առաւօտ Զահլէի ասորի ուղղափառ համայնքի Սրբուհի Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ռմբահարման անարգ ոճիրը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ ասորի ուղղափառ համայնքի զաւակներուն ու շրջանի ամբողջ բնակչութեան` հաւատքի պաշտպանութեան ու խաղաղ համակեցութեան նկատմամբ իրենց անսասան  յանձնառութեան մէջ:

Աղօթքի վայրերու եւ կրօնական խորհրդանշաններու դէմ կատարուած որեւէ ոտնձգութիւն, առաւել եւս` բռնարարք, կը նկատենք անընդունելի:  Նման թշնամական արարքներ ձախողութեան դատապարտուած մարտահրաւէրներ են ընդդէմ մարդկային բարոյականութեան եւ տրամաբանութեան, ընդդէմ բոլոր կրօններու քարոզած այլասիրութեան եւ խաղաղասիրութեան ուսմունքներուն, որոնց գործադրութեան կարիքը այնքան կը զգացուի այսօրուան աշխարհին մէջ:

Ասորի ուղղափառ համայնքի Սրբուհի Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումը ուղղուած է Զահլէի ու Պեքաայի շրջանին եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական համերաշխութեան, խաղաղ համակեցութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան դէմ: Նաեւ` անիկա յարձակում մըն է ընդդէմ քրիստոնէութեան: Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր լիբանանցիներուն շրջահայեացօրէն եւ ամուր հաւատքով դիմագրաւելու նման փորձութիւններ` առիթ չտալու համար, որ խառնակութեան դրդող ուժեր յաջողութիւններ արձանագրեն իրենց նպատակներուն մէջ:

Գոհունակութիւն կը յայտնենք դէպքին առիթով երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան արագ արձագանգին համար եւ կը մաղթենք, որ ապահովական ուժերը կատարեն անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքները` արագօրէն բացայայտելու համար անոր պատասխանատուները:

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

28 մարտ, 2011

Նախորդը

ԱՊՕՐԻՆԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ԵՒ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐՆԵՐ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.