
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ եւ դրուատեց Սուրիոյ իրադարձութիւններուն նկատմամբ Ռուսիոյ որդեգրած իմաստուն կեցուածքը:
Մանսուր նկատել տուաւ, որ արտաքին միջամտութիւնները չեն օժանդակեր կամ ծառայեր Սուրիոյ մէջ բարեկարգումներ գործադրելու` աւելցնելով, որ Սուրիոյ հարցերը կարելի է լուծել միայն երկխօսութեամբ:
«Սակայն սուրիական ընդդիմութեան կարգ մը խմբակներուն կողմէ զինուելու եւ իշխանութեան ու բանակին դէմ ելլելու քայլը կը կաղացնէ երկխօսութիւնը եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը կը խախտէ», ըսաւ Մանսուր:
Իր կարգին, Զասպիքին յայտնեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքը սկզբունքային ու հաստատ կեցուածք մըն է: Ան շեշտեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի քաղաքական համաձայնութեան` աւելցնելով, որ Մոսկուա կը դրուատէ դէտերու այցելութիւնը եւ անհրաժեշտ կը նկատէ զինեալ բախումները հակակշիռի տակ առնելու քայլը:
Զասպիքին նկատել տուաւ նաեւ, որ Ռուսիա կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան եւ սուրիական իշխանութիւններուն ու ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան:


