Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՑ «ԻՆԹԸՐՍԻՄ»Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

March 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Աբրահամ Տէտէեան

Ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան երէկ «Հապթուր» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Միջին Արեւելքի մէջ աւազի եւ սիմենթի արտադրութեան ու շուկայադրման «Ինթըրսիմ» ընկերութեան համագումարին, որուն ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, Սիմենթի եւ շինանիւթի արաբական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ռուսան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, արաբական, շրջանային, ասիական եւ եւրոպական աւազի եւ շինանիւթի գործարաններու սեփականատէրերը:

Համագումարին ընթացքին նախարար Տէտէեան ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեց, որ բոլորին համար ծանօթ է, որ Լիբանանը աւազի եւ սիմենթի արդիւնաբերութեան հսկայ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով, որ Լիբանան տարեկան դրութեամբ կ՛արտադրէ 6 միլիոն թոն շինանիւթ, որուն 5 միլիոնը ներքին սպառումի համար է, իսկ մէկ միլիոնը կ՛արտածուի դէպի Սուրիա, Իրաք, Եւրոպա եւ Ափրիկէ:

Տէտէեան ընդգծեց, որ լիբանանեան սիմենթը որակաւոր է եւ անոր սակը` մատչելի, շեշտելով, որ աւազ, սիմենթ եւ շինանիւթ արտադրող բոլոր գործարանները ճիգ պիտի չխնայեն այդ աշխատանքին համար օգտագործելու աղբերը, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազեցնել Լիբանանի կենսոլորտային ապականումը:

Իր կարգին, Ֆատի Ապպուտ նկատել տուաւ, որ ճարտարարուեստը եւ զբօսաշրջութիւնը հզօր տնտեսութիւն մը կերտելու իսկական սիւներ են:

Ապպուտ շեշտեց երկարատեւ մարտավարութիւն մը գործադրելու կարեւորութիւնը` բարձրացնելու համար պետական մարզին արդիւնաբերութիւնը:

Միւս կողմէ, Սիմենթի եւ շինանիւթի արաբական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ռուսան նախատեսեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ սիմենթի եւ շինանիւթի արտադրութիւնը տարեկան դրութեամբ հասնի 300 միլիոն թոնի` դիտել տալով, որ Ծոցի երկիրներուն պարագային եւս յաւելեալ սիմենթի եւ շինանիւթի կարիք պիտի զգացուի` նկատի ունենալով այդտեղ իրագործուող շինարարական հսկայական ծրագիրները:

 

Նախորդը

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՍԼԷՅՄԱՆԸ ԵՒ ՊԸՐՐԻՆ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐՆ ՈՒ ՄԱԽԶՈՒՄԻՆ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.