Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Մտահոգ Է Արցախի Մէջ Վարձկաններու Ներկայութեամբ Եւ Աշխուժօրէն Կը Մասնակցի Իրավիճակի Շուտափոյթ Կայունացման Հոլովոյթին

Հոկտեմբեր 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխուժօրէն կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կացութեան կայունացման գործին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են նախարարութենէն:

«Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ աշխուժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ Ռուսիոյ նախաձեռնութեան իրականացման, այն է` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի շուտափոյթ կայունացման», նշած են նախարարութենէն:

Մասնաւորաբար, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն այս հարցին վերաբերեալ բանակցութիւններ վարած է տարբեր երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ:

«Այս աշխատանքի գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումն է եւ շրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար հակամարտող կողմերու միջեւ բանակցութիւններու անցումը», ընդգծած են նախարարութենէն:

Նախարարութիւնը մտահոգ է Միջին Արեւելքէն ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի տարածք ուղարկելու մասին տեղեկութեամբ:

«Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան առաւել կը մտահոգէ այն տեղեկութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի գօտի կը բերուին Միջին Արեւելքէն ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներ», յայտնած են նախարարութենէն:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ այդ մտահոգութիւնը պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Նախորդը

Վրաստան Հերքած Է Քաղաքային Թռիչքներու Անուան Տակ Զինուորական Բեռնափոխադրումներու Իրականացումը Դէպի Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Կրնայ Լուծուիլ Ռուսիայէն Կամ ՀԱՊԿ-ի Անդամ Միւս Երկիրներէն Խաղաղապահներու Տեղակայումով» Կ՛ըսէ Նովիքով

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?