Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրնայ լուծուիլ խաղաղապահներու տեղակայումով: Չկայ անհրաժեշտութիւն զանոնք տեղակայելու Ռուսիայէն կամ ՀԱՊԿ-ի անդամ միւս երկիրներէն զատ այլ երկիրներէ: Այս մասին հայրենի «Ժողովուրդ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ պետական Տումայի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Տմիթրի Նովիքով:
«Տագնապին կողմ հանդիսացող երկիրներու կամքին պարագային, ես կը կարծեմ, որ չկայ անհրաժեշտութիւն, բացի Ռուսիայէն կամ ՀԱՊԿ-ի անդամ այլ երկիրներէն, այլ երկիրներէ խաղաղապահներ ներգրաւելու», յայտնած է ան:
Նովիքով կ՛ընդգծէ, որ Ռուսիան շատ հետաքրքրուած է, որ Կովկասի մէջ տագնապը լուծուի, հակառակ անոր որ իր խաղաղապահ ծառայութիւնը տակաւին չէ առաջարկած: