Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօրավար Սերկէյ Շոյկու երկուշաբթի օր հեռաձայնային բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ: Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան:
Կը նշուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ, ներառեալ` ղարաբաղեան տագնապը, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ մէջ եւ սուրիական Իտլիպի մէջ տիրող իրավիճակը: