Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմ երէկ խաղաղ շուտափոյթ լուծում մաղթեց Արցախի բախումներուն` հետեւեալ գրառումը կատարելով «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բախումներու ընթացքին մեր միտքերը կ՛ուղղուին դէպի բարեկամ հայ ժողովուրդը, որ տառապեցաւ ու կը տառապի ցեղասպանական անվերջ պատերազմներէն, համաշխարհային կասկածելի լռութեան մթնոլորտի մէջ: Մաղթենք, որ այսօր Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները վերջ մը դնեն մեծերու հակամարտութեանց փոքրերուն վճարած տուրքերու այս սին պատերազմին»: