Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտել Պարի Աթուան. «Էրտողան Կ՛ուզէ Վերակենդանացնել Թրքական Ազգայնականութեան Ախորժակները»

Հոկտեմբեր 9, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էրտողան միշտ կ՛ուզէ աշխարհը դէպի անդունդ առաջնորդել», յայտնեց արաբ լրագրող Ապտել Պարի Աթուան` լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միջերկրականի ջուրերուն մէջ կազի գծով Լիպիոյ եւ Յունաստանի հետ «վէճերուն» առջեւ տեղի տալէ եւ իր նաւերը տուն կանչելէ ետք, ճակատումը փոխադրեց դէպի Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծ:

«Էրտողան կը փորձէ պատերազմի հրահրումով վերակենդանացնել  թրքական ազգայնականութիւնը կամ Չինաստանի արեւելքէն ույղուրներու ճամբով մինչեւ Պուլկարիա հասնող աշխարհագրական տարածքի գօտին», շեշտեց Աթուան` իբրեւ օրինակ նշելով սուրիական ճակատէն դէպի Արցախի սահմանագիծ փոխադրուած վարձկան ջոկատներուն տրուած «Սուլթան Մուրատ», «Սուլթան Սուլէյման Շահ» անունները, որոնք թրքական պատկանելիութիւն կը ցոլացնեն:

«Ներկայիս Էրտողան դաշնակցած է թրքական ազգայնական դիմագիծ ունեցող կուսակցութիւններու հետ եւ ոչ թէ իսլամական «Սաատեթ» կամ «Ռեֆահ» կուսակցութիւններուն հետ», դիտել տուաւ արաբ լրագրողը` նշելով, որ Միջերկրական ծովու ջուրերուն մէջ Լիպիոյ, Թունուզի, Եգիպտոսի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի հետ տագնապէ ետք անհաւանական չի նկատեր Իրան-Ռուսիա դաշինք մը ընդդէմ Թուրքիոյ: Արաբական «Ռայ Ալ Եաում» առցանց կայքի խմբագրապետ Ապտել Պարի Աթուան շեշտեց, որ ներկայիս Էրտողան կը հրահրէ ազգայնական, համայնքային զգայնութիւնները, ինչպէս` Իրանի բնակչութեան 30-35 առ հարիւր համեմատութիւնը կազմող` Իրանի հիւսիսային շրջանի 13 միլիոն հաշուող ազրպէյճանցիները կը շահագործէ ընդդէմ Իրանի կեդրոնական իշխանութեան, որ կ՛ընդգրկէ ազրպէյճանական, պարսկական եւ պալուճական համայնքներ:

«Ամերիկեան, իսրայէլեան եւ թրքական գործակցութեամբ ծրագիր կայ խախտելու Իրանի ներքին կայունութիւնը, եւ այս` Արցախի ճակատին հրահրումով, Իրանի արեւելեան` արաբական սիւննի-շիի ճակատի հրահրման ձախողութենէն ետք», ընդգծեց Աթուան` աւելցնելով, որ Լիպիոյ դէմ Թուրքիոյ «ճակատումը» Էրտողանի գլխաւոր ձախողութիւնն էր, ու թրքական տնտեսական կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ ու կը գահավիժի, ինչ որ Էրտողանը մղեց շահագործելու եւ հրահրելու Իրանի ազրպէյճանական խաղաքարտը: «Ներկայիս պատերազմի քարտէսներն ու ծրագիրները փոխուած են ու կեդրոնացած առաւելաբար տնտեսական եւ ազգայնական զգայնութիւններու հրահրման ճամբով ծաւալապաշտ թիրախներու վրայ», եզրափակեց Ապտել Պարի Աթուան:

Նախորդը

Խօսելով Մնացականեանի Սպասուող Այցելութեան Մասին. «Մնացականեան Եւ Լաւրով Պիտի Քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Իրավիճակը» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Նշելով, Որ Վարձկաններու Մասնակցութիւնը Հարցը Կը Վերածէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմի. Բագրատունի. «Եթէ Ուրանամ Ինքնութիւնս Ու Արմատներս` Օր Մըն Ալ Կրնամ Ուրանալ Լիբանանեան Պատկանելիութիւնս»

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?