Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արեւմտեան Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Ազրպէյճանի Համատարած Յարձակումին Մասին

September 28, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրենց ձախող յուլիսեան արկածախնդրութենէն անճրկած` Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անցնող ժամերուն ձեռնարկեցին նոր արկածախնդրութեան մը` լայնածաւալ յարձակումի դիմելով Արցախի Հանրապետութեան  հետ սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին:

Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ ծանր մարտեր տեղի կ՛ունենան բոլոր ճակատներուն վրայ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի բանակները փայլուն կերպով կը կատարեն հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստագոյնս կը դատապարտէ մեր հայրենիքին վրայ կատարուած ատրպէյճանական նորագոյն այս յարձակումը, որ 1994-ին կնքուած զինադադարէն ետք աննախադէպ է իր ծաւալով:

Այս առիթով, Կեդրոնական կոմիտէս իր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, ի մասնաւորի հայկական զոյգ բանակներուն, որոնք մեր համազգային պարծանքն են: Մեր կարգին եւ մեր կարողութիւններով պիտի ընդառաջենք Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանի մարտակոչին` մեր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով մեր պետականութեան եւ հայրենի մեր ժողովուրդին: Մեր կարելի բոլոր միջոցները ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու պետական շրջանակները ծանրագոյն դատապարտանքի խօսքերով ուշքի բերեն խելագարութեան հասած ազրպէյճանական իշխանութիւնները: Պիտի աշխատինք օրն ի բուն, որ ամերիկեան իշխանութիւնները ամբողջովին վերջ տան Ատրպէյճանին ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու քաղաքականութեան:

Դարձեալ կ՛ուզենք յիշեցնել Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Մեր զինուորներուն հետ» նախաձեռնութիւնը եւ անգամ մը եւս կը դիմենք մեր համայնքի զաւակներուն` զօրավիգ կանգնելու մեր սահմանները պահող հայ զինուորին:

Կասկած չունինք, որ «Յաղթելու ենք» այս անգամ եւս, եւ ամէն անգամ:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

ԿՈՉ. Հայկական Բոլոր Լրատուամիջոցներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.