Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի

September 28, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ բարոյական, ֆիզիքական եւ զինուորական ուղղակի զօրակցութեամբ, Ազրպէյճանը այսօր առաւօտեան անգամ մը եւս լայնածաւալ օդային եւ հրթիռային յարձակում կատարեց արցախեան ամբողջ սահմանագիծին վրայ: Աւելի ուշ, ազերիական հրետանին թիրախ դարձուց նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, ռմբակոծելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Թէժ մարտեր կը ծաւալին մինչեւ պահս: Ազերիական վարձկանները ետ շպրտուած են ու նահանջած, ստանալով ծանր հարուածներ եւ կրելով լուրջ վնասներ:

Պաքու յայտնապէս չէ համոզուած տակաւին, որ ուժի կիրարկումով պիտի չյաջողի պարտադրել իր կամքը, եւ ինչպէս նախորդ իր բազմաթիւ փորձերուն, այս անգամ եւս պիտի կրէ ջախջախիչ պարտութիւն:

Հայոց մարտունակ բանակի կորովը բարձր է, առնական հայ զինուորը տէրն է իր կոչումին, ժողովրդային կամաւորական խումբերը, որոնց շարքին` ՀՅԴ պահեստազօրքի գումարտակը արդէն հասած են ճակատ ու կանգնած` փառապանծ մեր բանակի կողքին ու թիկունքին, իսկ համայն հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կուռ միասնականութեամբ զօրավիգ է անպարտելի Արցախին, բանիւ եւ գործով:

Կեդրոնական Կոմիտէս իր բոլոր միջոցներով եւ Հայ դատի Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մարմիններուն ու ՖՀԿԽ-ի հետ համադրաբար ու գործակցաբար արդէն իսկ սկսած է տուեալ երկիրներու քաղաքական բարձրագոյն շրջանակներու մօտ յարաբերական աշխուժ աշխատանք, պահանջելով, որ խստիւ դատապարտեն եւ ամէն գնով զսպեն Ազրպէյճանի սանձարձակութիւնը:

Կոչ կ’ուղղենք Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մեր համայնքներու բոլոր զաւակներուն, որ խիտ շարքերով իրենց մասնակցութիւնը բերեն յառաջիկայ օրերուն կազմակերպուող բողոքի հաւաքներուն եւ ելոյթներուն, ի զօրակցութիւն հայոց յաղթական բանակին եւ պինդ ու խրոխտ ժողովուրդին:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Փարիզ, 27 սեպտեմբեր 2020

 

Նախորդը

ՀԱՊԿ-ն Կը Զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում,  Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար  Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում, Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

January 15, 2026
Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Ալիջան» Սահմանային  Անցակէտին Վրայ Աշխատանքները  90 Առ Հարիւրով Աւարտած Են
Հայկական

Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Ալիջան» Սահմանային Անցակէտին Վրայ Աշխատանքները 90 Առ Հարիւրով Աւարտած Են

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.