Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ընկերվարական Կուսակցութեան Յայտարարութիւնը․ «Անյապաղ Դադրեցնել Մարտերը Արցախի Մէջ»

September 28, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը կոչ կ’ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու մարտերը Արցախի մէջ։

Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ 27 սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ գործադրուած ռազմական յարձակումը:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, պատմականօրէն հայերով բնակեցուած Կովկասի այս շրջանը ժողովրդական հանրաքուէի միջոցով հռչակեց իր անկախութիւնը 2 սեպտեմբեր 1991-ին: Այս անկախութիւնը մշտապէս կը վիճարկուի Ազրպէյճանին կողմէ եւ այդ ժամանակէն ի վեր, 150.000 բնակչութիւն ունեցող այս փոքր հանրապետութիւնը կը դիմակայէ 10 միլիոն բնակչութիւն ունեցող իր ազրպէյճանցի դրացիի 130 հազարնոց բանակին կրկնուող յարձակումները:

27 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն ազրպէյճանական բանակը յարձակում ձեռնարկեց Արցախի Հանրապետութեան սահմանամերձ քաղաքներուն վրայ եւ ռմբակոծող անօդաչու սարքեր ուղարկեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ՝ բազմաթիւ զոհեր պատճառելով խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ:

Այս յարձակումը տեղի կ’ունենայ արդէն իսկ լարուած իրավիճակի մէջ, երբ 2016-ին Արցախի սահմանամերձ գօտիին մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ ձեռնարկուեցան բռնի յարձակումներ եւ 2020-ի յուլիսի վերջին Հայաստանի Տաւուշի շրջանին մէջ տեղի ունեցան կատաղի մարտեր։ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը ցաւ կը յայտնէ, որ Թուրքիան, իր անվերապահ քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւնը յայտնելով Ազրպէյճանին՝ ներգրաւուած է այս տագնապին մէջ:

Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը կոչ կ’ուղղէ Ֆրանսային եւ Եւրոպական Միութեան՝ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու բախումները դադրեցնելու եւ պահպանելու 1994-ին կնքուած զինադադարի դրութիւնը:

Ստեղծուած ծայրայեղ լարուած իրավիճակը կը պահանջէ Մինսքի խմբակի անյապաղ հանդիպում եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի շտապ արձագանգ՝ խաղաղ լուծում գտնելու եւ վերահաստատելու Արցախի անկախութիւնն ու անոր ճանաչումը միջազգային հանրութեան կողմէ:

Փարիզ, 27 սեպտեմբեր 2020

 

Նախորդը

«Մեր Դրացիները Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Են, Պատրաստ Ենք Բանակցութիւններու Լաւ Պայմաններ Առաջարկել», Զարիֆ

Յաջորդը

14 Կուսակցութիւններու Յայտարարութիւնը․ Ամբողջ Ներուժով Կը Սատարենք Հայոց Բանակին Եւ Կ՛աջակցինք Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.