Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորն ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը շնորհաւորագիրներ յղած են Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին:
Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւոր Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները յղած է նախագահ Սարգսեանին, Հայաստանի կառավարութեան եւ բարեկամ հայ ժողովուրդին` յուսալով, որ մնայուն յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճում կ՛ապրին:
Մոհամետ պըն Սալման իշխանը իր շնորհաւորագիրին մէջ Հայաստանին եւ հայութեան յայտնած է յաւելեալ բարգաւաճման իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները:
Այս լուրը հաղորդեց Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը, որմէ արտատպեց ընդհանրապէս սէուտական մամուլը: