Ազրպէյճանի քննչական մարմինները քրէական գործերով միջազգային հետախուզում յայտարարած են երկու հայ զինուորներու նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Ագրեգաթոր» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան:
Ազրպէյճանական աղբիւրը կը նշէ, թէ 23 օգոստոսին մոլորած եւ ազրպէյճանական կողմը յայտնուած հայ սպայ Գուրգէն Ալավերդեանի «տուած ցուցմունքներուն հիման վրայ, մեղադրանք առաջադրուած է ռազմական կազմաւորման հրամանատար Վազգէն Բաշխիկի Վարդանեանին եւ դասակի հրամանատար Արմէն Գնելի Ջամալեանին»:
Կը նշուի, որ երկու հայ զինուորներու նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է, որուն գծով դիմումներ ուղարկուած են Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան, Պետական անվտանգութեան ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Ինթերփոլի ազգային գրասենեակին:
Գուրգէն Ալավերդեանի նկատմամբ եւս քրէական գործ յարուցուած է: