Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահուի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Ամերիկեան Արդիական Զէնքեր Ծախելու Գործարքին Վերաբերեալ Կատարած Յայտարարութիւնները «Սուտ Են»

Սեպտեմբեր 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սուտ խօսած է, երբ հերքած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ամերիկեան «Էֆ-35» օդանաւեր ծախելու շուրջ բանակցութիւններու գոյութիւնը:

Բանակցութիւններուն ծանօթ պաշտօնատարներ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին յայտնած են, թէ «Նեթանիահուի հրապարակային յայտարարութիւնները սուտ են», եւ թէ Նեթանիահու դադրած է գործարքին դէմ հրապարակային յայտարարութիւն կատարելէ, երբ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այցելած է Իսրայէլ եւ հանդիպում ունեցած անոր հետ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը, յղում կատարելով ամերիկեան օրաթերթին, աւելցուց, որ Նեթանիահու տեղեակ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ամերիկեան զէնքեր ծախելու գործարքին շուրջ բանակցութիւններէն:

Ըստ օրաթերթին, գործարքը կը ներառէ արդիական զէնքեր, ներառեալ «Էֆ-35» հալածիչներ, «Ռիփըր» տիպի անօդաչու թռչող սարքեր, «Ի.Էյ.-18Ճի Կրոուլըր» ելեկտրոնային պատերազմի օդանաւեր, որոնք ճամբան կը հարթեն ռատարներէն աննշմար յարձակումներու` խանգարելով օդային պաշտպանութեան համակարգերը: Նախապէս այս վերջիններուն մասին չէր հաղորդուած:

Նշենք, որ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նախապէս բացայայտած էր գործարքին գոյութիւնը, սակայն Նեթանիահու հերքած էր լուրը` յայտնելով, որ այդպիսի բան գոյութիւն չունի:

Միացեալ Նահանգներ նախապէս մերժած էր այդպիսի արդիական զէնքեր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ծախել, սակայն ամերիկացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, թէ Թրամփի վարչակազմին ներկայիս զանոնք ծախելու  համամիտ ըլլալը կապ ունի իսրայէլեան-էմիրաթական համաձայնութեան հետ:

Նշեալ գործարքը Քոնկրեսին մէջ ընդդիմութեան կ՛արժանանայ, որովհետեւ ամերիկեան օրէնքին համաձայն, զէնքերուն վաճառքը պէտք չէ Միջին Արեւելքի մէջ իսրայէլեան զինուորական գերակայութիւնը տկարացնէ, բայց եւ այնպէս, Թրամփի վարչակազմը շրջանցած է Քոնկրեսին հաւանութիւնը ստանալու հոլովոյթին մէկ կարեւոր մասը, ինչ որ կրնայ բարելաւել Միացեալ Նահանգներու մէջ 3 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն առաջ զէնքերը ծախելու կարելիութիւնը:

Նախորդը

«Ապու Տապիի Հետ Համաձայնութիւնը Թել Աւիւի Եւ Արաբական 3 Այլ Պետութիւններու Միջեւ Գործակցութեան Պայմաններ Ստեղծեց» Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Նախարարութիւն Մը

Յաջորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Սպառնալէ Դադրի, Որպէսզի Կարելի Ըլլայ Լարուածութեան Մեղմացման Համար Հաղորդակցութիւններուն Սկսիլ» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?