Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնոյեան. «Անընդունելի Են Շրջանային Տագնապներուն Մէջ Նոր Պետութիւններու Ներգրաւման Փորձերը»

Սեպտեմբեր 5, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւկովկասեան շրջանին մէջ վերջերս կը նկատուի հակասութիւններու սրում, ինչ որ կարգ մը երկիրներու յաւակնութիւններու ընդլայնման հետեւանք է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ-ի, Շանհայեան համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու միացեալ նիստի իր ելոյթին ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Մեր շրջանին մէջ աշխուժօրէն զարգացող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները կարելի է բնութագրել իբրեւ աշխարհաքաղաքական շահերու հակամարտութիւն, որուն առանցքային գործօնը անվտանգութեան ընդհանուր տեսլականի, ինչպէս նաեւ վտանգներու նուազեցման մեքանիզմներու բացակայութիւնն է: Շրջանային տագնապները ուժային լուծում չունին, եւ Հայաստանի համար անընդունելի է թէ՛ ռազմական հռետորաբանութիւնը, թէ՛ այդ տագնապներուն մէջ նոր պետութիւններու ներգրաւման փորձերը` հետագային շրջանին մէջ իրավիճակի սրումով», նշած է Տօնոյեան:

Նախարարը ընդգծած է, որ շրջանին մէջ ռուսական ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան խորացումը կարեւորագոյն զսպող գործօն են, որոնք կը նպաստեն շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման:

Տօնոյեանի համաձայն, Հայաստանի ռազմավարական շահերու ոլորտի տիրոյթին մէջ է ո՛չ միայն կովկասեան շրջանը, այլ նաեւ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան ամբողջ գօտին, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքն ու Արեւելեան Միջերկրածովեան շրջանը: Մեկնելով անկէ` Հայաստանը շահագրգռուած է նշուած շրջաններուն մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումով:

«Ստեղծուած պայմաններուն մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը  ստանայ բազմակողմ պաշտպանական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ ընդլայնման հարցը, ընդ որում, առաջին հերթին ԱՊՀ, ՇՀԿ եւ ՀԱՊԿ կազմակերպութիւններու, որոնց անդամ են մեր պետութիւնները», ընդգծած է նախարարը:

«Մեր աշխարհը աւելի փոխկապակցուած դարձած է, որեւէ անկայունութիւն այս կամ այն շրջանին մէջ յղի է բացասական հետեւանքներով ամբողջ աշխարհին մէջ: Այլ կերպ ըսած` ժամանակակից պայմաններու մէջ շրջանային անվտանգութիւնը անկարելի է ապահովել «ինքնավար ձեւով»` ընդհանուր անվտանգութեան համակարգի շրջանակներէ դուրս: Շրջանային որեւէ խնդիրի սրումը ուղղակի ձեւով կ՛ազդէ ընդհանուր միջազգային անվտանգութեան վրայ: Ատիկա կը վերաբերի ո՛չ միայն ռազմաքաղաքական հարցերուն, այլեւ համավարակին, որ, ինչպէս ցոյց տուաւ երկիրներու  մեծամասնութեան փորձը, վերածուեցաւ անվտանգութեան համընդհանուր հարցի», ըսած է Տօնոյեան:

Նախարարը ընդգծած է, որ միջազգային հանրութեան գլխաւոր խնդիրը կայուն խաղաղութեան կառուցումն է, որ հիմնուած է շրջանային աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններ պարտադրելու միջոցով անկայունութեան նոր օճախներու ստեղծումը բացառելու վրայ:

«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու` առանց շեղումներու պահպանումը առանցքային դեր կը  խաղայ տագնապներու կանխման գործին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ հանդէս եկած է միջազգային իրաւունքի եւ ազատ ընտրութեան իրաւունքի, ողջամիտ համաշխարհայնացումի եւ միջազգային անվտանգութեան ճարտարապետութեան չափանիշներու համարժէք կիրարկման օգտին: Այդպիսով` հիմնուած ենք քաղաքականութենէ եւ առաւելապաշտական մօտեցումներէ, ինչպէս նաեւ ատելութեան հռետորաբանութենէ եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններէ զերծ մնալու վրայ», նշած է Տօնոյեան:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Կառավարութեան Պիտի Մասնակցինք Մեր Նախարարով` Համապատասխան Կառավարութեան Թիւին»

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Պիտի Չերկարաձգուի

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը»  Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?