Նինոծմինտայի շրջանի Թորիա գիւղի բնակիչներուն եւ Թուշեթէն եկուոր ազրպէյճանցիներուն միջեւ բախում տեղի ունեցած է: Այս մասին կը յայտնէ Jnews լրատուականը:
Եկուորները իրենց ոչխարները արածած են գիւղացիներուն պատկանող շրջաններուն մէջ, իսկ գիւղացիները դուրս քշած են անասունները, որմէ ետք սկսած է ծեծվռտուք: Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան մէջ բացուած է հետաքննութիւն, կան վիրաւորներ եւ ձերբակալուածներ:
Թորիա գիւղի բնակիչներէն մէկուն համաձայն, իրենք ուղարկած են 16 տարեկան պատանի մը, որպէսզի վերջինս եկուորներուն ըսէ, որ ոչխարի հօտը դուրս հանեն իրենց քաղելավայրերէն, սակայն եկուորները ծեծած են երեխան, որուն յաջորդած է ծեծվռտուք:
Թորիայի բնակիչներուն համաձայն, իրենցմէ 5-6 անձ վիրաւորուած է, նաեւ` երկու անչափահաս երեխայ: Անոնց համապատասխան բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է Նինոծմինտայի հիւանդանոցին մէջ:
Ըստ գիւղացիներուն, նախապէս Թուշեթէն եկած եկուորներուն հետ խնդիր չէ եղած, իսկ ասիկա առաջին լուրջ դէպքն է:
Ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ ներկայ դրութեամբ երկու կողմէն ընդհանուր առմամբ 11 ձերբակալուած կայ: