Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ խորհրդակցելէ ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 55 երկիրներու ֆետերասիոններուն հետ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին գործադիր կոմիտէն որոշեց յետաձգել «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանեկան մրցաշարքերը, բնականաբար աշխարհի տարածքին տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Աւելիով յետաձգուեցան պատանեկան բազմաթիւ տարիքային մրցաշարքերը, մինչ 17 եւ 19 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցաշարքերուն զտումի մրցումները, որոշուեցաւ սկսիլ փլէյ-օֆ-ի հանգրուանէն: Այս վերջիններուն պարագային, նկատի առնուած են 2019-2020 եւ 2020-2021տարեշրջաններու մրցաշարքերը:



