Հազարաւոր ցուցարարներ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի նստավայրին մօտ եւ այլ շրջաններու մէջ բողոքի ցոյց կատարեցին` պահանջելով անոր հրաժարականը:
Ձուցարարները բողոքեցին Նեթանիահուի կողմէ` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ստեղծուած տագնապին վատ կառավարման դէմ եւ բարձրացուցին զինք փտածութեան յանցանքով ամբաստանող պաստառներ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Նեթանիահու երկիրը կը մղէ դէպի քաղաքացիական պատերազմ` նշելով, որ աջակողմեան ցուցարարներ կողմնակի թաղերու մէջ թակարդ կը լարեն եւ յարձակում կը գործեն ցուցարարներուն վրայ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նաեւ հաղորդեցին, որ շաբաթ գիշեր տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը իրենց տեսակին մէջ մեծագոյնն էին, եւ անոնց ընթացքին Երուսաղէմի մէջ վարչապետի նստավայրին մօտ ոստիկանութեան ու ցուցարարներուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցած են:
Ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար օգտագործած է ջրաշիթ մեքենաներ եւ ձերբակալած է 11 ցուցարարներ:
Ռամաթ Կանի մէջ ինքնաշարժ մը խուժած է ցուցարարներուն վրայ, եւ անոր մէջ եղողները արցունքաբեր նիւթեր սրսկած են ցուցարարներուն վրայ: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, թէ դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած է:
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Պենի Կանց «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ ցոյց կատարելու իրաւունքը սուրբ է, իսկ ան, որ ցուցարարներուն բռնարարքներով կը սպառնայ, պէտք է խստօրէն պատժուի:
Ըստ իսրայէլեան ոստիկանութեան գնահատականին, շաբաթ գիշեր Երուսաղէմի, Թել Աւիւի եւ Կեսարիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն մասնակցած են աւելի քան հինգ հազար ցուցարարներ: Ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Իսրայէլի շարք մը այլ շրջաններու մէջ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ցոյցերուն պատճառը երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով տիրող տնտեսական վատ կացութիւնն է: Ցուցարարները պահանջած է Նեթանիահուի հրաժարականը: