Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2012-Ի ԹԱՐՄԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

January 16, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը այս ամսուան ընթացքին թարմացուեցաւ 25 նոր նիւթերով եւ վերլուծական յօդուածներով:

Կայքէջին հիմնական տեղը կը գրաւէ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջի ընդարձակ անդրադարձով մը հակազդեցութիւնը «Էյ. Էն. Պի.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանէն Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտագիրի սփռումին եւ բանավիճային նոյն յայտագիրին ընթացքին օրուան հիւրին` Հանի Սիպահիի արտայայտած հակահայ կարծիքներուն: Արաբերէն կայքէջին վրայ կը կարդանք կայանին յղուած բողոքի նամակին ամբողջութիւնը:

Գլխաւոր նիւթերու կարգին է նաեւ Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ եւ Հալէպի Առեւտրուի գրասենեակի խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեանի հարցազրոյցը «Ազդակ»-ին հետ եւ անոր կատարած յայտարարութիւնները այն գծով, որ Սուրիա կրնայ շրջանցել այժմու հանգրուանի հետեւանքները` նախազգուշութեամբ ու չթերագնահատելով սուրիական տնտեսութեան կրած վնասները:

Լուրերու կարգին կը կարդանք նախորդ տարուան աւարտին եւ այս տարուան սկիզբը տեղի ունեցած հայկական կեանքին առնչուող  հիմնական իրադարձութիւններու արձագանգները: Լուրերը կը վերաբերին Ալճերիոյ վարչապետին կողմէ Թուրքիոյ յայտարարութիւններուն տրուած պատասխանին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի համաձայնութեան` Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէացնող օրինագիծին Ծերակոյտին կողմէ քննարկման, թուրք դեսպանին Ֆրանսա վերադարձին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահին կողմէ արտայայտուած փափաքին` Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու Եւրոպական միութեան բոլոր երկիրներուն մէջ:

Հայկական ներքին կեանքի վերաբերող լուրերու կարգին կը կարդանք Ս. Ծննդեան առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի արտասանած պատգամներուն արաբերէն թարգմանութիւնները, Իրաքի Տհուք քաղաքի հայութեան մասին նիւթ մը, ինչպէս նաեւ Իրաքի Մուսուլ քաղաքի հայութեան եւ եկեղեցւոյ վերաբերող տեղեկագիր մը: Այս բաժինին մէջ են նաեւ նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կողմէ դրսեւորուած հպարտութիւնն ու Ֆրանսայի նկատմամբ անոր երախտագիտութիւնը` Ֆրանսայի խորհրդարանին  կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման առիթով: Կը կարդանք նաեւ թուրք համակարգչահէններուն կողմէ Ֆրանսայի ուղղուած սպառնալիքներուն մասին:

Յօդուածներու կարգին են Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման եւ քիւրտերու հարցին վերաբերող գրութիւն մը, որ լոյս տեսած է «Թշրին» օրաթերթին մէջ, Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի հայերուն կողմէ Ֆրանսայի որդեգրած օրէնքի ողջունումը: Հոն տեղ գտած է նաեւ Ռ. Սաֆրասեանի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը բաւական աշխուժ թափով կ՛ընթանայ:

Յօդուածներու կարգին են նաեւ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթի յօդուածը` Ֆրանսայի կողմէ կատարուած նախաձեռնութեան մասին, Խորշիտ Տալլիի յօդուածը` «Ջարդարար Թուրքիան» գրութիւնը, Ֆրանսայի խորհրդարանին նկատմամբ երախտագիտութիւն դրսեւորող եւ Կարօ Գույումճեանին ստորագրութիւնը կրող «Ֆրանսայի խորհրդարա՛ն, շնորհակալութիւն» խորագրեալ յօդուածը: Այլ գրութեամբ մը լուսարձակի տակ կ՛առնուի Հայոց ցեղասպանութիւնն ու մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը:

Նախորդը

«ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՍ ԱՒԱՐՏԵԼԷ ԵՏՔ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԵԿՆԻՄ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ. 1990-1991. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՂԱՅԻՆ ԺԱՄԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.