23 յուլիս 2020-ին Ռուսիոյ մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններ ստորագրած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին: Յայտարարութիւնը ստորագրած կազմակերպութիւններն են` «ԱՐՄՌՈՍՍ» իրաւաբաններու ռուս-հայկական միութիւն, «Նոյ» մանկական կեդրոն» կրթական կազմակերպութիւն, Սենթ Փեթերսպուրկի հայկական ազգային-մշակութային ինքնավարութիւն, Զելենոկրատի հայկական համայնք, «Աշխարհի հայեր», «Հայաստանի զրուցակից» ամսագիր, Ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ, «Հայասա» մշակութային-լուսաւորչական միութիւն, «Համազգային» կրթամշակութային միութիւն, Բալաշիխայի հայերու ազգային-մշակութային ինքնավարութիւն, ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակ, «Ռուսիոյ ջաւախքեան սփիւռք» կազմակերպութիւն, Հայ օգնութեան միութիւն, Մոսկուայի ՀՄԸՄ, Ռուսիոյ հայերու միութիւն, «Ռուս-հայկական եւ հասարակական նախաձեռնութիւններու աջակցութեան կեդրոն» կազմակերպութիւն, «Ռուս-արցախեան բարեկամութեան ընկերակցութիւն» կազմակերպութիւն, «Արարատ» հայկական մշակութային-լուսաւորչական ընկերակցութիւն», «Ռուսիա-Հայաստան. ինֆօ» եւ «Miaban.ru» կայքերու խմբագրութիւններ, «Հայոց ցեղասպանութիւնը Ազրպէյճանի մէջ», AGA-Tribunal.info կայքի, եւ «Rossia-Artsakh.ru»-ի խմբագրութիւններ, «ԱրմՊետերբուրգ» ընկերային ցանցեր ընկերակցութիւն, «Մոնթէ» մարմնակրթական ակումբ, «Դէպի Արարատ» միութիւն եւ «Տիր» հայագիտական կեդրոն:
Յայտարարութեան սկիզբը ներկայացուեցաւ 12 յուլիս 2020-ին Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը` Հայաստանի հիւսիսային սահմանի երկայնքով, որուն ընթացքին օգտագործուեցան ծանր զինուորական սարքեր, հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր` ռմբակոծելով ոչ միայն Հայաստանի սահմանային դիրքերը, այլ նաեւ Բերդ, Այգեպար, Չինարի բնակավայրերը, եւ պատճառելով մարդկային զոհեր:
«Յարձակողական գործողութիւններու ծաւալն ու տարողութիւնը, գործի դրուած զինուորական սարքերը ու կենդանի ուժի թուաքանակը, նաեւ ազրպէյճանական ու թրքական իշխանութիւններու աննախադէպ շնական յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ յուլիսեան իրադարձութիւնները նախապէս ծրագրուած ռազմական գործողութիւններ են, որոնց ընթացքին կատարուեցաւ միջազգային իրաւունքի չափանիշերու կոպիտ խախտում:
«Հայաստանի զինուած ուժերու արժանի պատասխանէն եւ բազմաթիւ կորուստներէ ետք միայն Ազրպէյճանի ղեկավարութեան պարզ դարձաւ, որ ռազմական գործողութիւններով եւ սադրանքներու միջոցով անհնար է հասնիլ որեւէ արդիւնքի, բացի տարածքային կորուստներէ:
«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է Ազրպէյճանի յարձակողական մտադրութիւնները զսպող կոշտ միջոցներ կիրարկել` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար: Անհրաժեշտ է նաեւ զինադադարի դրութեան վերահսկողութեան միջազգային մեքանիզմներու հաւաքական մշակում, մասնաւորապէս` 2016-ին Արցախի մէջ Ազրպէյճանի ապրիլեան յարձակումները ետ մղելէ ետք ձեռք բերուած` Վիեննայի եւ Սենթ Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններու իրականացմամբ: Նաեւ անհրաժեշտ է արգիլել ժամանակակից մահաբեր զէնքերու մատակարարումները կրկնակի յանցագործ պետութեան:
«Զինուորական յարձակումներու զուգահեռ` ազրպէյճանական կողմը այժմ սադրիչ գործողութիւններ կ՛իրականացնէ Ռուսիոյ ինքնիշխան տարածքին մէջ, մասնաւորապէս` արգիլելով հայկական ապրանքներու վաճառքը շուկայի տարբեր` իրենց ենթակայ հատուածներու մէջ, ինչ որ, ըստ էութեան, ազգային յատկանիշներով տնտեսական խտրականութիւն է:
«Նոյն իրավիճակի մէջ Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ, քաղաքի վարչակազմի եւ հայ համայնքի համագործակցութեամբ, գործնական միջոցներու ձեռնարկուած եւ արդիւնաւէտ որոշումներ կայացած են: Սակայն այդ դրական օրինակը կրնայ անբաւարար ըլլալ, հարցին արմատները աւելի խոր են, եւ եղածը կրնայ կրկնուիլ Ռուսիոյ որեւէ քաղաքի ու տարածաշրջանի մէջ: Հարկաւոր է ատիկա արմատապէս ու ժամանակին կանխել` չկրկնելով անցեալի աղէտալի սխալները, խուսափիլ անվերադառնալի կէտերէ, որոնցմէ սկսած են Սումկայիթը, Կիրովապատը, Պաքուն: Արդեօք այդ մասին չե՞ն վկայեր 23 յուլիսին Մոսկուայի մէջ ազրպէյճանական համայնքի արմատական ծայրայեղականներու աւազակախումբերու կողմէ հայ անհատներու հետ հաշուեյարդարներու տեսարանները: Այդ ահաբեկիչները հպարտութեամբ համապատասխան կոչով տեսանիւթերը տեղադրած են համացանցին վրայ, իսկ անոնց հայրենակիցները Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ դրօշները իրենց ձեռքին, հրապարակաւ աջակցած են` հայերու հասցէին սպառնալիքներով:
«Քանի որ տարբեր քաղաքներու մէջ ազրպէյճանցի արմատականներու նման ծայրայեղական վարքագիծը ուղղակի սպառնալիք է Ռուսիոյ տնտեսական, իրաւական եւ ազգամիջեան անվտանգութեանը, մենք`
– մէկ կողմէ` կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն` չենթարկուելու սադրանքներուն, աչալուրջ ըլլալու ու անմիջապէս տեղեկացնելու մեզ ու իրաւապահ մարմինները արմատականներու նոր գործողութիւններու վերաբերեալ փոքր կասկած ունենալու պարագային նոյնիսկ.
– միւս կողմէ` կը պահանջենք իշխանութիւններէն` արդարացի ու անկողմնակալ հրապարակային գնահատական տալ ազգամիջեան երկպառակութեան դրսեւորման, Ռուսիոյ ինքնիշխանութեան, իրաւակարգի ու անվտանգութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու բացայայտ փաստերուն` խիստ պատասխանատուութեան ենթարկելով օտար պատուիրատուները, գործակալները, սադրիչներն ու գործադրողները: