Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի եւ ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ինչպէս նաեւ մարզական ակումբներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս` Փաթրիք Պըժժանի, Էտմոն Խուրի եւ Թոնի Քէյրուզ:
Նիստէն ետք Ապի Ռամիա յայտնեց, որ յանձնախումբը շարունակեց քննարկել մարզասրահներու գործունէութեան չափանիշներ ճշդելու աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր հիման վրայ անոնց գործելու արտօնագիր սահմանել:
Ապի Ռամիա հաստատեց, որ ժողովը եղած է բաւական արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ ժամանակաւորապէս յետաձգած են տարբեր մարզական ակումբներուն վարչական ընտրութիւնները:
Իր կարգին, Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան յայտնեց, որ յանձնախումբը բացառիկ արդիւնաւէտ նիստ մը գումարած է` աւելցնելով, որ անոր պատճառը այդ մարզական հիմնարկներու պատասխանատուներուն նիստին մասնակցութիւնն է:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց
«Ահըտ» Ակումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ֆութպոլի Լիբանանի ախոյեան «Ահըտ» ակումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ակումբի տնօրէն Թամիմի Սլէյմանի:
«Ահըտ»-ի պատուիրակութիւնը նախարար Օհանեան-Գէորգեանէն խնդրեց, որ Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը որդեգրէ 26 հոկտեմբերէն 4 նոյեմբեր տեղի ունենալիք Ֆութպոլի Ասիոյ ախոյեանութիւնը իրենց կողմէ հիւրընկալելու առաջարկը:
Հանդիպումէն ետք Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Օհանեան-Գէորգեանի, որ նկատառելի խանդավառութեամբ որդեգրեց այդ առաջարկը:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նախարար Օհանեան-Գէորգեանին, որ անմիջապէս կապուեցաւ համապատասխան նախարարութիւններուն հետ` ապահովելով անոնց համաձայնութիւնն ու զօրակցութիւնը այս առաջարկին, որովհետեւ այսպիսով աւելի կազմակերպուած եւ ամրապնդուած աշխատանքով կրնանք հիւրընկալել այդ ախոյեանութիւնը», ըսաւ Սլէյման:
Իր կարգին, նախարար Օհանեան-Գէորգեան զօրակցութիւն յայտնեց «Ահըտ»-ին` ընդգծելով, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կ՛որդեգրէ այդ առաջարկը` նկատի ունենալով անոր կողմէ դրսեւորուելիք Լիբանանի դրական պատկերը` մարզական, զբօսաշրջական թէ երիտասարդական առումով:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան խոստացաւ այդ թղթածրարին լրջօրէն հետեւիլ եւ լաւապէս հետապնդել զայն, երբ այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իմաստով լիբանանեան իշխանութիւններուն պաշտօնական հաւանութիւնը տրուի: