Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան իրարու դէմ կը պայքարին աշխարհի վերաբաժանում կատարելու համար»:
«Գոյութիւն ունի աշխարհի վերաբաժանում կատարելու համար շատ վտանգաւոր պայքար մը: Աշխարհի քաղաքական քարտէսին վրայ ի յայտ եկաւ նոր ուժեղ պետութիւն մը, որ մարտահրաւէր ուղղեց Միացեալ Նահանգներու մենաշնորհին: Այդ պետութիւնը Չինաստանի ժողովրդային հանրապետութիւնն է», նշեց Լուքաշենքօ:
«Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են, որ Չինաստան վերածուած է հիւլէական անկախ ուժի, անջրպետը կը հետազօտէ, արդիական զէնքեր կ՛արտադրէ, որովհետեւ անոնք այդ ոլորտներուն մէջ իրենց մենաշնորհը կորսնցնելու վտանգը կը դիմագրաւեն: Ճիշդ այս է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական պատերազմ յառաջացուց»:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ «Քորոնա» ժահրը մարդու ձեռքով ստեղծուած է: Ըստ անոր, ժահրը ստեղծուած է, որպէսզի «դէմ առ դէմ հանեն» Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնները, իսկ ատիկա կազմակերպուած է աշխարհը վերափոխելու համար: