Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻՆ

January 13, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աջէն ձախ զօր. Ռիֆի, վարչապետ Միքաթի եւ նախարար Շարպել` ներքին ապահովութեան ուժերու վարուելակերպին նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց ներքին ապահովութեան ուժերու վարուելակերպին նուիրուած օրէնքի յատուկ հրատարակութեան ներկայացման ձեռնարկին` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն ուժերը, որոնց մաս կը կազմեն նաեւ Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերը, փաստած են, որ ազգային ապահովութիւնը պաշտպանելու առումով իրենք աշխուժ են, առանց այս կամ այն շրջանին միջեւ խտրութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն ուժերը Լիբանանի համար ապահովական իսկական ցանց մը կը նկատուին:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանանի մէջ քաղաքական կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով, որովհետեւ քաղաքական կայունութեան շնորհիւ է, որ կարելի կ՛ըլլայ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը ապահովել:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները մրցակցութեան մէջ չեն, այլեւ` հանգստութիւն եւ կայունութիւն կ՛ապահովեն լիբանանցիներուն:

Վարչապետ միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմին հետ` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախագահ, դեսպան Անժելինա Էխհորսթի:

Հանդիպումէն ետք Էխհորսթ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպումին նպատակն էր Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ աշխատանքի նոր ծրագիր մը մշակել:

«Մենք կը գնահատենք, որ վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը ընտրած է անկախութեան, գերիշխանութեան ու կայունութեան ուղին, եւ մենք կը քաջալերենք լիբանանցի ղեկավարները` այդ ուղիին որդեգրման համար, ինչպէս նաեւ վստահ ենք, որ 2012-ին Լիբանան

հաւատարիմ պիտի մնայ միջազգային իր բոլոր յանձնառութիւններուն գործադրութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ Միջազգային դատական ատեանին», նշեց ան:

Իր կարգին, տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի յայտարարէ տնտեսական ծրագիր մը, որուն հիման վրայ Լիբանանի մէջ ներդրումները կը քաջալերուին:

Նահհաս աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան պէտք է համարկուի համաշխարհայնացման եւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան աշխատանքներուն մէջ:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Քիրիլլոս Սելիմ Պուսթրոսը, որ վարչապետ Միքաթիին փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները` ընդգծելով երկիրը իր բոլոր համայնքներով պահպանելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ յառաջիկայ կիրակի օր վարչապետ Միքաթի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը պիտի կատարեն ԷՍՔՈՒԱ-ի կազմակերպած հանդիպումին, որ նուիրուած է ժողովրդավարութեան:

 

Նախորդը

ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ՄԻՔԱԹԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՆԱՈՒԱՖ ՍԱԼԱՄԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԻ ՄՈՒՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։