Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի Հետ

Յունիս 10, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Սմբատ վրդ. Սապունճեան (աւազանի անունով Ճորճ) ծնած է Լիբանան, 1991ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Յունիս 2012ին։ 18 Յուլիս 2015ին, հայր Սմբատ ստացած է վարդապետական աստիճան:  2 շրջաններու համար (2012/2015-2017/2019) եղած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գաւազանակիրը։ Երկու տարի դասաւանդած է Պէյրութի Ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս։ Երեք տարիներ ծառայած է Յունաստանի թեմէն ներս՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, ուր նաեւ իբրեւ ատենադպիր աշխատակցած է Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղին մէջ։ Հայր սուրբը նաեւ ստանձնած է Համազգային պարախումբի վարչութեան ատենապետութիւնը երեք տարիներ շարունակ: Յունաստանի մէջ հետեւած է յունարէն դասընթացքներու: Հայր սուրբը նաեւ հոգեւոր ծառայութիւններ  մատուցած է Լիբանանի եւ Քաթարի թեմերուն մէջ՝ իբրեւ այցելու հոգեւորական: Հոկտեմբեր 2020ին, բարձր տնօրինութեամբ Արամ Ա. հայրապետին եւ նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ան ստանձնեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, որուն առընթեր ան կը դասաւանդէ կրօն՝ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին մէջ: Հայր Սմբատ կը սիրէ լուսանկարչութիւնը, պատմական նիւթերը եւ ընթերցանութիւնը:

 ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Երբ եւ ինչո՞ւ նուիրած էք ձեր կեանքը հոգեւոր ծառայութեան:

 ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- Առաջին հերթին կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի Պր. Նուպար այս գեղեցիկ առիթը ստեղծելուն համար: 2001 թուականէն սկսեալ որպէս դպիր ծառայած եմ Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ամէն Կիրակի մասնակցելով Ս. եւ Անմահ պատարագին աւելիով կը մօտենայի այն հոգեւոր կեանքին, որում ընդմէջէն այսօր անարժանաբար լծուած եմ հոգեւոր ծառայութեան: Այստեղ կ՛ուզեմ յիշել արժանապատիւ Տէր Օշին Քահանայ Գէորգեանը, որուն առաջնորդութեամբ իմ քայլերս ուղղուեցան դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանք: 2005-2006 տարեշրջանը եղաւ կեանքիս անկիւնադարձային փոփոխութիւնը: Պարզ դպրոց մը չէ Դպրեվանքը, այլ իսկապէս հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու բերդ մըն է, ուր դպրեվանեցին կը լիցքաւորուի կերտելու համար ապագայ հոգեւորականի նկարագիրը:

2010ին դասընկերներուս հետ միասնաբար արժանացանք Սարկաւագութեան աստիճանին, որմէ 2 տարիներ ետք՝ 2012 Յունիս 16 եւ 17ին զինուորագրուեցանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան:

Դպրեվանքին մատուցած դաստիարակութիւնը ինքնաբերաբար մեր մէջ զարգացուց նուիրումի հասկացողութիւնը: Մեր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան առաջին տարիները՝ Դպրեվանքի հովանիին տակ ապրիլը մեր հոգեւորական ըլլալու կոչման մեծագոյն պատճառը հանդիսացաւ: Հետեւելով մեր մեծերուն, գլխաւորութեամբ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրինակին, մեր քայլերը ուղղուեցան դէպի Կիլիկեան Ս. Աթոռին պարգեւած ծառայութեան: Նուիրուիլ կը նշանակէ սիրել, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին ցուցաբերած սէրը եւ գուրգուրանքը մեզի հանդէպ սատար հանդիսացաւ նոյնպէս սիրելու եւ նուիրուելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան:

 ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր ծնողները որքանո՞վ ազդած են ձեր վրայ՝ ձեր կեանքը նուիրելու ազգային ու հոգեւոր ծառայութիւննց:

 ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- Բնականաբար ծնողքս իր դրական ազդեցութիւնը ունեցած է Դպրեվանք յաճախելուս եւ ապա կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելու որոշումիս վրայ: Իբրեւ երիտասարդ բախտաւոր կը զգամ ունենալու ծնողք մը, որ իւրաքանչիւր քայլիս հետեւած է, շատ անգամ երբ արմատական որոշումներ կատարելու պատրաստուած եմ ծնողքս եւ մասնաւորաբար հայրս միշտ ուղղած են զիս որպէսզի ճիշդ որոշում տամ:

Երախտապարտ եւ շնորհակալ եմ որ Աստուած զիս արժանացուց այս դաշտին մէջ ծառայելու. Աւելին՝ երջանիկ կը զգամ ունենալու այսպիսի ծնողք մը որ արթուն մնաց, խրատեց եւ քաջալերեց զիս:

Գիտէ՛ք, երիտասարդի մը համար դժուար պիտի ըլլայ պայքարիլ աշխարհիկ ժամանակաւոր հոսանքներուն դիմաց, եթէ չունենայ ծնողք կամ այնպիսի մարդիկ իր շրջապատին մէջ, որոնք իրապէս զինք պիտի առաջնորդեն ճիշդը կատարելու:  Կրնամ ըսել, թէ ամէն անգամ, երբ սխալ կամ անյաջող որոշումի կամ արարքի մը դիմաց գտնուած եմ, ծնողքս միշտ եղած է անյտեղ զիս սրբագրելու համար:

Վերջապէս, ծնողքիս աղօթքներուն, խրատներուն եւ քաջալերանքին դիմաց մեծապէս պարտական կը զգամ: Թող Աստուած պահէ բոլոր ծնողները:

 ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ. – Ներկայիս որքա՞ն է  ձեր ծուխի անդամներու թիւը:

 ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.– Առաջին հերթին կ’ուզեմ յայտնել թէ անցեալ Հոկտեմբերին ստանձնեցի Հոգեւոր Հովիւի պաշտօնը: Ներկայիս եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած հաւատացեալներուն թիւը կը հասնի 1200 ընտանիքներու, որոնց հետ մնայուն կապ կը հաստատենք եւ որոնք միշտ ալ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն եկեղեցւոյ հանդէպ: Վերոյիշեալ թիւը արձանագրուած թիւն է: Այս թիւէն դուրս ալ կան հայորդիներ, որոնք եկեղեցական մեր կեանքին հետ կապուած են:

Բնականաբար իւրաքանչիւր տարի մեր հաւատացեալներու տուներէն ներս նոր անդամներ կ’աւելնան, ինչ որ կը մեծացնէ համայնքիս թիւը: Մենք միշտ աղօթող ենք որ մեր համայնքը իր ամբողջութեամբ առողջ եւ երկար կեանք ունենայ:

Եկեղեցւոյ ծուխի անդամները տարածուած են Սան Ֆրանսիսքոյի եւ ծովածոցի շրջաններուն մէջ: Հսկայ տարածութեան մե վրայ սփռուած այս համայնքը միշտ հաւատարիմ մնացած է եկեղեցւոյ առաքելութեան: Վստահ եմ, նոյն այս նուիրումուվ եւ գիտակցութեամբ եկեղեցի-համայնք սերտ կապուածութիւնը պիտի շարունակուի:

 ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ներկայիս այս «Քորոնա» ժահրի համաճարկին ստեղծած  դժուար պայմաններուն մէջ, ինչպէ՞ս է եկեղեցական կեանքը, կամ ի՞նչպէս կը    գործէ մեր եկեղեցին:

 ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- «Քորոնա» ժահրին ստեղծած այս կացութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ մեր համայնքային կեանքին վրայ: Մարտ ամսուան սկիզբէն ի վեր կիրարկման մէջ դրուած տունը մէջ մնալու օրէնքը, ընդհանրապէս սառեցուց մեր համայնքային կեանքը: Հետեւելով ազգային Առաջնորդարանի ցուցմունքներուն եկեղեցական արարողութիւնները շարունակուեցան, սակայն առանց հաւատացեալ ժողովուրդի մասնակցութեան:

Այսօր, ինչպէս բոլորը գիտեն, մեր եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուին առցանց: Միաժամանակ, գտագործելով համացանցային միջոցները կը փորձեցնք կարելի եղած չափով մնայուն հաղորդակցութեան մէջ մնալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը մեր առաքելութեան արգելք չհանդիսացաւ եւ իբրեւ ազգային հաստատութիւն դժուարութիւն չունեցանք հասնելու մեր համայնքի անդամներու կարիքներուն:

Կիրակնօրեայ սուրբ պատարագները կը սփռուին «Ֆէյսպուք»ի, «Ինսթակրամ»ի եւ «Եութիւպ»ի միջոցաւ: Կրնանք հաստատել թէ հաւատացեալներուն մասնակցութիւնը գնահատելի է, մանաւանդ այս օրերուն, երբ մարդիկ անորոշ իրավիճակի մատնուած եւ մեծապէս կարիքը ունին հոգեւոր առաջնորդութեան եւ մխիթարանքի:

Ծանօթ պատճառներով, Այս տարուան համար նախատեսուած պսակադրութեան եւ մկրտութեան բոլոր  խորհուրդներու կատարումը յետաձգուած են ցնոր տնօրինում:

Այստեղ հարկ է նշել, թէ Աստուածաշնչական սերտողութիւնները, Կիրակնօրեայ վարժարանի դասընթացքները, Քրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի աշակերտներուն հետ հանդիպումները եւ երիտասարդական հաւաքները կը կատարուին ZOOM-ի միջոցաւ: Նկատի ունենալով տիրող կացութիւնը, մենք՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, Հոգաբարձութիւն եւ Տիկնանց միութիւն, մեր պատրաստակամութիւնը յայտնած ենք հասնելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին:

Աղօթող ենք, որ այս տիրող իրավիճակը շուտով իր աւարտին կը հասնի, եւ կրկին անգամ կը վերադառնանք մեր համայնքային կեանքին: Վստահ եմ, որ բոլորս ալ կարօտով կը սպասենք եկեղեցւոյ վերաբացման: Առողջութիւն եւ ապահովութիւն կը մաղթենք մեր համայնքի բոլոր անդամներուն:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Եկեղեցւոյ շուրջ ի՞նչ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ կան, որոնց հետ կը գործակցիք տարուան ընթացքին:

 ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.-  Միութիւններուն հետ մեր ունցած յարաբերութիւնը սիրալիր եւ համագործակցութեան ոգիով լեցուած կապ մըն է: Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր գաղութ կամ համայնք իր եկեղեցւոյ շուրջ կ՛ունենայ միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք կը ծառայեն հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Նոյնպէս ալ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, եկեղեցւոյ շուրջ եղող բոլոր միութիւնները կ՛աշխատին եւ կը ձգտին ծառայութիւն մատուցել մեր համայնքի անդամներուն: Սկսելու համար կ՛ուզեմ յիշել բոլոր այն միութիւնները եւ հաստատութիւնները, որոնք կը գործակցին Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հետ. առաջին հերթին պէտք է ըսել, որ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը միասնաբար կ՛աշխատին եկեղեցւոյ պայծառութեան ու բարօրութեան համար:

Քրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը հիմնական արժէք ունենալով մեր գաղութէն ներս՝ կը գիտակիցինք  այն իրողութեան, որ աշակերտները սերտօրէն պէտք է կապուին մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն: ՀՄԸՄի երեք մասնաճիւղերուն (Սան Ֆրանսիսքօ, Սանթա Քլարա, Ուալնաթ Քրիք) հետ մեր ունեցած սերտ յարաբերութիւնը առիթը կու տայ ՀՄԸՄականներուն աւելի սերտօրէն ճանչնալու Հայ առաքելական եկեղեցին: ՀՅԴի «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնները եւ Հայ

Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը սերտ յարաբերութեան մէջ են եկեղեցւոյ հետ:  Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը՝ իբրեւ մշակութային փարոս, հայկական արուեստի, երգի, պարի եւ այլ ճիւղերու մէջ կեդրոնանալով մեր գաղութին իւրայատուկ մակարդակի վրայ կը պահէ: Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի մեր սիրելի անդամները տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատին յանուն արդարութեան: Անոնց մղած պայքարը անպայման պիտի պսակուի սուրբ յաղթանակով, այդ իսկ պատճառով անոնց գործունէութիւնը անհրաժեշտ տեղ կը գրաւէ մեր գաղութային կեանքին մէջ: ՀՕՄի 3 («Կարին», «Էրեփունի» եւ «Ակնունի» մասնաճիւղերը իրենց երկարամեայ ծառայութեամբ մեր գաղութին մէջ որակ եւ Հայ Օգնութեան նպատակը կը մարմնաւորեն: Յիշենք նաեւ, թէ եկեղեցին իր համագործակցութիւնը կը բերէ «Արարատ» հայրենակցական միութեան, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան, «Թրիփըլ Էքս»ի եւ «Նոր Գալ»ի տարեցներու ծառայութեան հետ:

Եկեղեցի-միութիւն կապը միշտ սիրալիր եղած է: Այս համագործակցութիւնն է որ համայնքիս արժէքը կը ներկայացնէ: Հաստատօրէն համոզուած ենք, որ նոյն այս ընթացքը պիտի շարունակուի նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելով:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.-  Ձեր ընթացիկ եկեղեցական գործունէութեան կողքին, ուրիշ ի՞նչ ձեռնարկներ կ՛ունենաք համայնքին մէջ, օրինակ՝ պազարը, դաշտագնացութիւնը եւ այլլն:

 ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.-   Բնականաբար, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, այս տարի շատ մը ձեռնարկներ եւ ծրագիրներ յետաձգուեցան: Մինչեւ Մարտ ամսուան սկիզբը, մենք մեր բնականոն աշխատանքը եւ ծրագիրները կատարեցինք թէ՛ եկեղեցական, մշակութային եւ թէ այլազան ծրագիրներ: Այստեղ հարկ է նշել, որ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը միշտ նոր գաղափարներով կու գայ նորութիւն բերել համայնքային կեանքին մէջ:

Իբրեւ հոգեւոր հովիւ՝ առաջին իսկ օրէն կը պատրաստենք ծրագիր մը տեսահոլովակներու, որոնք պիտի կը սփռուին եկեղեցւոյ Facebook-ի եւ Instagram-ի պաշտօնական էջերուն վրայ: Արդէն իսկ ընթացք առած է այս ծրագիրը, եւ ամսական դրութեամբ նոր տեսահոլովակ մը կը տեղադրուի, նիւթ ունենալով այն արժէքները, որոնք մեր կեանքի առանցքը կը կազմեն: Սոյն տեսահոլովակը կը կոչուի «Դէպի Լուսաւոր Կեանք»:

Խօսելով պազարին եւ դաշտագնացութեան մասին, ինչպէս գիտէք, այս տարի անորոշ իրավիճակ մը ստեղծուած է, այդ իսկ պատճառով վերջնական որոշումի չենք հասած: Պէտք է ըսել, թէ բոլոր գաղութներուն մէջ նոյն այս կացութիւնը կը տիրէ:

Կային շարք մը ծրագիրներ, որոնք պիտի իրագործուէին այս անցնող եւ յաջորդող ամիսներուն ընթացքին, սակայն լիայոյս ենք որ յաջորդող տարին առիթը պիտի ունենանք այդ ծրագիրները իրականացնելու:

Այս առիթը կ՛ուզեմ օգտագործել՝ խօսելու համար երիտասարդութեան մասին, անոնց մասնակցութեան մասին: Երիտասարդութիւնը մեր համայնքի ապագան է, անհրաժեշտ կը նկատենք անոնց մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին մէջ: Այդ իսկ պատճառով, շեշտը կը դնենք երիտասարդութեան վրայ, անոնց պատասխանատուութիւն տալով: Անցնող ամիսներուն ընթացքին, բազմաթիւ անգամներ հաւաքներ կազմակերպեցինք երիտասարդութեան հետ ունենալով նպատակ մը եւ այդ նպատակը ուրիշ բան պիտի չըլլայ եթէ ոչ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը զգալի դարձնել:

Լիայոյս ենք, որ յառաջիկայ ամիսներուն, մանաւանդ երբ այս ընթացքը կը բարեփոխուի կրկին անգամ պիտի լծուինք մեր աշխատանքներու եւ նպատակներու իրագործման:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Նորէն Հ.Յ.Դ-ն Է Մեղաւոր

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?