ՀՅԴ վերջին յայտարարութեան, Հայաստանի իշխանութիւններու ձախողութիւններուն եւ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ուղիներուն վերաբերեալ «Երկիր»-ը զրոյց ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանի հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ըսելիք ունի Դաշնակցութեան յայտարարութեան առնչութեամբ, որով կ՛առաջարկուի հրաւիրել Ազգային ժողովի յատուկ նիստ` քննարկելու եւ գնահատական տալու կառավարութեան եւ վարչապետի գործունէութեան վերաբերեալ, Արթուր Վանեցեան ըսած է, թէ այդ պահանջը ճիշդ կը նկատէ` աւելցնելով. «Նախ փաստ է` վարչապետն ու շարք մը պատասխանատուներ ո՛չ միայն ձախողած են «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ, այլ նաեւ այդ ձախողութիւնները կը փորձեն բարդել բոլորին վրայ, բացի իրենցմէ: Սահմանադրութեան համաձայն, Ազգային ժողովն է այն բարձրագոյն քաղաքական մարմինը, որ կառավարութեան եւ անոր իւրաքանչիւր անդամի գործունէութեան նկատմամբ ունի վերահսկողութեան եւ քաղաքական պատասխանատուութեան ենթարկելու իրաւունք: Բնական է, որ վարչապետն ու ձախողած միւս պաշտօնատար անձերը պէտք է բացատրութիւն տան եւ պատասխանատուութեան կանչուին երկրին մէջ ստեղծուած վիճակին համար»:
Արթուր Վանեցեան յիշեցուցած է նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի սկզբնական փուլէն սկսեալ, ինչպէս Դաշնակցութիւնը, նոյնպէս ալ իրենց կուսակցութիւնը եւ այլ քաղաքական ուժեր ու անձեր, իշխանութիւններուն բազմաթիւ առաջարկներ ներկայացուցած են, համընդհանուր ներուժի մէկտեղումով ժահրի տարածման դէմ պայքարի կոչեր եղած են, սակայն քաղաքական իշխանութեան արձագանգը եղած է անտեսումը, մարդոց եւ քաղաքական ուժերը պիտակաւորելը, ատելութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտը խորացնելը: Ըստ Վանեցեանին, այս բոլորին արդիւնքը եղած է համավարակին դէմ պայքարի ամբողջական ձախողութիւնը:
Արթուր Վանեցեան եզրակացուցած է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի պահանջը տեղին է եւ միանշանակ ճիշդ:
Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ ինք իբրեւ կուսակցութեան նախագահ եւ քաղաքական գործիչ Դաշնակցութեան հետ համագործակցութեան կարելիութիւն կը տեսնէ՞ եւ ի՞նչ օրակարգով, Վանեցեան ըսած է, թէ ո՛չ միայն կը տեսնէ, այլ անհրաժեշտ կը նկատէ առողջ ուժերու համագործակցութիւնը` արձանագրելով, որ 130 տարուան կուսակցութիւնը իր փորձառութեամբ, կարելիութիւններով, համաշխարհային կապերով ու մարդուժով հսկայական ներուժ ունի. անիկա մեր ժողովուրդին հարստութիւնն է: