Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային գործընթացին մէջ արմատական տեղաշարժեր չկան: Այդ մասին իր շաբաթական ներկայացման ընթացքին նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Մենք հանդէս կու գանք այդ ձգձգուող, երկարատեւ ճգնաժամի բանակցային ճամբով քաղաքական լուծման օգտին: Ուստի պիտի ընենք կարելին իբրեւ հարեւան պետութիւն, իբրեւ երկիր, որ ունի բարեկամութեան, փոխգործակցութեան եւ համագործակցութեան երկարատեւ պատմութիւնը այդ երկիրներուն հետ` բերելու մեր կառուցողական ներդրումը», յայտնեց Զախարովան:
Ան նաեւ ընդգծեց Ռուսիոյ դերը` իբրեւ համանախագահի, որ կը մասնակցի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն:
«Հակառակ անոր որ որեւէ արմատական տեղաշարժեր չկան, բայց կրնամ հաստատել, որ լաւատեսութիւնը կը մնայ», շեշտեց Զախարովա: