Ինքնաշարժերու միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց ըսելով, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Պրազիլի «կրան-փրի»-ն, շատ հաւանական է, որ տեղի ունենայ հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Անիկա սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ ընթացիկ տարուան 15 նոյեմբերին:
Կազմակերպիչները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, որպէսզի բոլոր «կրան-փրի»-ները տեղի ունենան հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, այս տարեշրջանին ցարդ ոչ մէկ «կրան-փրի» տեղի ունեցած է: