Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

Մայիս 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Այս նամակով ուզեցի ուրախութիւնս յայտնել անցնող ամիսներուն իր քաղաքի նկատմամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ հոգածութեան համար: Ճիշդ է, որ յաճախ կը գանգատինք կարգ մը երեւոյթներու մասին, որոնք երբեմն իբրեւ բնակիչ կը խանգարեն մեր առօրեայ կեանքը: Շատ յաճախ կը գիտակցինք,  որ այդ բոլորին պատասխանատուն քաղաքապետութիւնը չէ, այլ տարիներու ընթացքին պետութեան ապիկար քաղաքականութիւնը եւ քաղաքացիին հոգերն ու դժուարութիւնները անտեսելու անոր անընդունելի կեցուածքը, որ այսօր արդէն պատճառ դարձած է լայն ընդվզումներու:

Չենք կրնար սակայն չգնահատել այն մեծ աշխատանքը, որ կատարուեցաւ ու տակաւին կը կատարուի Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ` քաղաքապետութեան կողմէ, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի յառաջացման առաջին իսկ օրէն ձեռնածալ չմնաց եւ իր ամբողջ աշխատանքը կեդրոնացուց պուրճհամուտցիին առողջութիւնն ու  ապահովութիւնը պահպանելու աշխատանքին վրայ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետին կողմէ զանազան առիթներով տրուած թելադրանքներն ու ուղղուած զգուշաւորութեան կոչերը եւ անոնց ուղեկցող գործնական լուրջ աշխատանքը յայտնի իրողութիւն են բոլորիս համար: Թաղերու մաքրութիւնն ու հականեխումը, կասկածելի վայրերու մէջ համաճարակի տարածումը կանխարգիլելու գծով ազդու միջամտութիւնը, պետութեան որդեգրած որոշումներու ամբողջական գործադրութեան հսկողութիւնը եւ անշուշտ ընկերային ու տնտեսական բարդ կացութիւններուն լոյսին տակ քաղաքապետութեան ցուցաբերած բծախնդրութիւնը եւ աշխատանքը արժանի են մեծ գնահատանքի: Աւելի՛ն, ճգնաժամային այս օրերուն մենք կը տեսնենք քաղաքապետարանի բոլոր պաշտօնեաներուն եւ ոստիկաններուն աչալուրջ հսկողութիւնն ու աշխատանքները, երբ միշտ կայ կեանքին սպառնացող վտանգ ու համաճարակէն վարակուելու հաւանականութիւն:

Կը հասկնանք, որ բազմամարդ եւ խիտ բնակչութիւն ունեցող այս շրջանը պարտաւոր է միշտ մնալ զգուշ, եւ այդ զգուշաւորութեան պահապանը դարձած է քաղաքապետութիւնը` մնալով միշտ պատրաստ եւ արթուն: Մեր փողոցները մաքուր են, աղբակոյտեր չկան այլ շրջաններու նման, եւ նաեւ մեզի համար տեսանելի է կարգ ու կանոնի պահպանումը, հակառակ այն իրողութեան որ շատ յաճախ մենք` իբրեւ քաղաքացիներ, երբեմն առանց անդրադառնալու կը դժուարացնենք պատասխանատուներու աշխատանքը` առանց նկատի ունենալու, որ այդ մարդիկն ալ մեզի նման ենթակայ են ժահրով վարակման` մնալով միշտ իրենց աշխատանքին վրայ եւ տուներէն դուրս:

Վերջին երկու շաբաթներուն, հակառակ վտանգներուն եւ դժուարութիւններուն, կը տեսնենք նաեւ, որ շրջանի բարեզարդման ու ճամբաներու կուպրապատման աշխատանք տեղի կ՛ունենայ, եւ ասիկա մեր սրտերն ու հոգիները կը լեցնէ Պուրճ Համուտի նկատմամբ յաւելեալ սիրով ու վստահութեամբ:

Մաղթանքս է, որ այս դժուար կացութիւնը շուտ աւարտի եւ կարելի ըլլայ Պուրճ Համուտի տնտեսութիւնը նաեւ իր վաճառատուներով, զբօսաշրջութեամբ եւ այլ միջոցներով վերադարձնել իր նախկին վիճակին, որուն համար անպայման քաղաքապետութիւն եւ ժողովուրդ միասնաբար գործակցելով պիտի յաջողինք մեր սիրելի Պուրճ Համուտը դարձնել բոլորին համար փնտռուած վայր մը:

Կը հասկնամ, որ Պուրճ Համուտը համայն հայութեան համար սիրելի ու գուրգուրանքի արժանի եւ ցուցանիշ հայկականութեան պահպանման միջնաբերդն է: Պուրճհամուտցիներուս համար անիկա աւելին է, մեր ամէնօրեայ տունն է, եւ անոր հարցերը մեր հարցերն իսկ են, իսկ անոր արձանագրած յաջողութիւնները մեզի հպարտութիւն կը պատճառեն:

Վարձքը կատա՛ր քաղաքապետին, քաղաքապետութեան անդամներուն եւ հոն ծառայող բոլոր պաշտօնեաներուն եւ ոստիկաններուն:

 

 

Նախորդը

Շնորհակալութիւն*

Յաջորդը

Երբ Թշնամին Ծածուկ Կը Գործէ…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?