Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը կը հաղորդէ, որ երկրին մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի վարակման 62 նոր դէպք:
27 ապրիլի դրութեամբ Հայաստանի մէջ վարակակիրներուն ընդհանուր թիւը հասած է 1.808-ի, արձանագրուած է մահուան 29 (աւելցած է մէկով) դէպք: Ցարդ կատարուած է 18.547 քննութիւն: Բուժուածներուն թիւը բարձրացած է 15-ով` ընդհանուր թիւը հասցնելով 848-ի: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 931 վարակակիր:



