Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիթ Մը Արցունք

April 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ

Կաթիլ մը արցունք, որ իր մէջ կը բովանդակէ անբացատրելի խառնուրդ մը զգացումներու:

Հաւանաբար ամէնքս ուրախութեան ու տխրութեան արցունքներ թափած ենք մեր կեանքի զանազան փուլերու, սակայն… Հայրապետական արցունքը տարբեր է:

Ինծի նման հաւանաբար դուն եւս, յարգելի՛ ընթերցող, նշմարեցիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն ուղիղ սփռուած Ս. Զատկուան պատարագի աւարտին, Ս. Աթոռոյս ազգընտիր հայրապետին յուզումնալից աչքերը, եւ անոնց մէջ սեղմուած հայրապետական արցունքը: Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ մահուան վրայ տարուած յաղթանակին առթած ուրախութեան արցունքը ըլլար երանի, սակայն… ոչ ոք կրնայ հասկնալ ամբողջ ժողովուրդին հայրութիւն ընող հայրապետին արցունքները, քան իր մտահոգութիւններուն ծանօթ զաւակ մը:

Հայրապետական յուզումնալից արցունքները պահ մը զիս պատմութեան էջերուն տանելով, ծերունազարդ երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին օրերը յիշեցուցին, երբ յուզումնալից տողերով կը նկարագրէր ժողովուրդին տարագիր օրերը եւ հայրապետական մտահոգութիւնները հանդէպ իր հօտին ու զաւակներուն:

Պատարագի աւարտին, երբ հայրապետին աչքերը կը պտտէին մայր տաճարի դատարկ նստարաններուն վրայ, վստահ եմ, որ հայոց հայրապետը յիշեց Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ խուռներամ բազմութեան «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի» բարձրաձայն աղաղակը, երբ հաւատացեալներ ակնածանքով կը սպասէին հայրապետական օրհնութիւններուն` Զատկուան տօնին առիթով:

Տարբեր էր 2020 տարուան Զատիկը: Տարբեր էր նաեւ առանց հաւատացեալներու մրմունջին երգելն ու աղօթքներ կարդալը: Հաւատացեալներուն բացակայութիւնը զգալի էր վեհափառ հայրապետին աչքերէն, անոնց մէջ սեղմուած արցունքի կաթիլներէն ու թեթեւ հեծեծանքէն: Ժպտադէմ հայրապետին դէմքը բաւական ժամանակէ ի վեր չէինք տեսած`  ներկայ պայմաններուն բերումով իր ունեցած համազգային մտահոգութիւններուն պատճառով բնականաբար: Սակայն յուզումնալից դէմքը, յոգնած աչքերը, անքուն անցուցած գիշերները կ’արտացոլային անոր դէմքին վրայ, եւ ի վերջոյ, հաւանաբար ինծի նման դուն եւս յուզուեցար հայրապետական արցունքէն, ո՜վ սիրելի ընթերցող: Վայրկեան մը մտահոգուեցայ, յուզուեցայ եւ տխրութիւն մը պատեց զիս` տեսնելով, որ վեհափառ հայրապետը յուզուած էր իր ժողովուրդին, իր հօտին եւ եկեղեցւոյ համար:

Անկրկնելի ու եզակի զգացում մըն էր այս հաւանաբար: Աղօթակից եղէք մեզի, որպէսզի հայոց հայրապետին եւ հովուապետին աչքերը երբեք տրտմութեան արցունքներով չլեցուին, եւ ընդմիշտ երջանկութեան շիթեր հոսին անկէ:

«Երկար կեանք տուր Հայրապետին, երկար օրեր Հայոց հօր» մաղթերգի բառերով առողջութիւն եւ երկար գահակալութիւն կը մաղթենք Արամ Ա. վեհափառին` շնորհաւորելով Քրիստոսի յաղթական եւ կենսատու յարութիւնը` ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:

 

 

 

Նախորդը

Տխուր Էր Յարութեան Տօնը…

Յաջորդը

Սուրիոյ Քիւրտերը Թուրքիայէն Կը Պահանջեն Վերցնել Օճալանի Տեսակցութեան Արգելքը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.