Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատիւ Ունիմ

Ապրիլ 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Հրեղէն աչքերուն մէջ անցեալի հուրն էր, որ կը ճարճատէր այրելով բոլոր ցաւերը եւ նոյն աչքերով, Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, տեսած արհաւիրքը:

Անյաղթ հասակով ու ժառանգած հաւատամքին կառչած մնացող՝ իւրօրինակ տղամարդ էր: Փոքր տարիքէն ճաշակած էր դառնութեան տեսակները, սակայն չէր համոզուած երբեք 2013-ի անսպասելի բաժանումին:
Նոյն տարին, Օգոստոսի հրակէզ օրերուն, Աշոտին մայրը՝ Սեւան, ամուսնոյն դժբախտ մահէն ետք, կ’որոշէ անմիջապէս հեռանալ Հալէպ քաղաքէն եւ տասնեակ մը ընտանիքներու հետ թրքական սահմանը հատելով կ’անցնի Այնթապ, անկէ դէպի հիւսիս, յետոյ Վրաստան ու հազար ու մէկ չարչարանք կրելով, երեք օր ետք, կը հասնին Երեւան:
* * *
Գրաւիչ կին մը չէր Սեւան, սակայն նկարագրային այնպիսի արտակարգ գիծեր ունէր, որ կրնար գրաւել միայն իմաստուն տղամարդը:
Ընդամէնը 34  տարեկան էր, երբ դարձաւ այրի ու հաւատարիմ մնալով իր ամուսնոյն, երբեք չմտածեց իր կեանքին մէջ ստեղծուած անսպասելի պարապը լեցնել շինծու ամուսնութեամբ մը: Հայրական տոկուն կամքի ուժը եւ մայրական գուրգուրոտ խիղճը միաձուլուած էին անոր մէջ:
Իր տարիքի հազուադէպ կիներէն էր, որ կրցած էր ըլլալ ե՛ւ ընտանիքի, ե՛ւ մասնագիտական վկայականներու տէր միաժամանակ: Տեսակ մը վրէժ էր իր գործածը՝ Միջին Արեւելքի հասարակութեան դէմ, որուն համար դիւրըմբռնելի չէին երբեք իգական ձեռքով արձանագրուած յաղթանակները:
Հիմա ապահով էր, հայրենիքին մէջ, թէպէտեւ քիչ մը թոյլ պարիսպներով, սակայն իրեն վերադարձող որդին պատսպարելու չափ խոստմնալից էր եւ գրկաբաց:
Ու օրերու հոսքը վճիտ էր մասամբ, մերթ ընդ մերթ՝ պղտոր:
Սեւան ճարպիկ ու խոհեմ էր. քանի մը դասընթացքներու հետեւելով անմիջապէս գործ մը ճարեց, քանի մը բարեկամներու հետ ալ սովորական կեանքի մը բնականոն վիճակ մը ստեղծելով փորձեց երեւանցի մարդուն հոգիին քարտէզները ճանչնալ:
Հալէպի մէջ իր դաստիարակուած տարիներուն, ամէն մէկ գիտելիքի արմատները փորձեց պեղել ու գտնել Հայաստանի հնամենի հողին ու ջուրին, կեանքին ու կռիւին, լացին ու ծիծաղին մէջ: Համոզուած էր, որ մարդուս հոգին չի մահանար, կրնայ նոր ծնունդներ ապրիլ… Եւ ահա իր երկրորդ ծնունդն է, ու հիմա կը գրկէ զայն մօր մը գուրգուրոտ ձեռքերով ամուր՝ որ սեւ օր մը դարձեալ չյանդգնի կրկին տանիլ զինք, նոյնքան չյագեցող դէպի սեւ մահը:
Ու մայրական երազանքին պէս կը մեծնար աչքերուն դիմաց իր անգին երազը՝ որդին, որուն մէջ կը տեսնէր իր սիգաճեմ եսը,որ հասակ կ’առնէր հայրենի հողին վրայ, ուր կեանքի անողորմ հողմերը չէին կրնար ծունկի բերել զինք:
* * *
Աշոտին կեանքն ալ նոր լոյսերով զարդարուած էր: Հոգիին մէջ Երեւանի գարունները աւելի ծաղիկ թափած էին եւ անոնց բուրմունքը աւելի զգլխիչ ու աւելի սիրայորդ դարձուցեր էին նոյն Երեւանը իր տղայական աչքերուն:
Հաւասարապէս իր յարաբերութիւնները կը պահէր ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ հայրենիքի իր ընկերներուն հետ:
Բայց մարդու ամենագիշատիչ թշնամին նոյնինքն իր տեսակն է, այն տեսակը, որ համոզմունքներու եւ սովորոյթներու անվերջ հոսող առուակէն խմելով կը պղտորէ, իր անթափանց վիճակով, անոր կեանքին նուագը եւ բաղաձայն ժխորի մը մէջ կը ձգէ իր թերահաս գաղափարները, որոնք չդիմանալով այս վարակային յարձակումներուն կրնան առաջնորդել մարդը դէպի անվերադարձ խորտակում:
– Եղբա՛յր, մենք քանի մը ամիսէն պիտի երթանք, մեր թուղթերը արդէն պատրաստ են: Հոս ի՜նչ ընենք, կ’ըսէին ոմանք, որոնք թունաւորուած էին իրենց շրջապատի յոռի  մտքերով՝ թէ Հայաստանի մէջ ապագայ չկայ, թէ Հայաստանը անկայուն երկիր է…:
– Աղբե՛րս, դո՛ւ էստեղ չես կարա ապրել, արի՛ գնանք արտասահման, իմ հարազատները էդտեղ  են,և կը պնդէին միւսները եւ բոլորը մէկական զոհեր անարդար վիճակներու եւ խաբուսիկ համոզումներու, թիավարելու փոխարէն իրենց կեանքի նաւակով՝ յանձնուած էին դարուն յորձանքին եւ իրենց գլուխներուն վրայ շողարձակող արեւը կը կարծէին գտնել հեռուներու մռնչացող հրապոյրին մէջ:
Քիչ-քիչ Աշոտին սրտին մէջ ծլարձակած գարունները կը թոշնին, իրենց հետ կը թոշնի նաեւ տաքուկ ընտանիքի մը պայծառութիւնը: Ամէն օր անիմաստ ու միանուագ վիճաբանութիւն մը կը պայթի մօր ու որդիին միջեւ, քար առ քար քանդելով զիրենք կամրջող անհուն սէրը:
– Տղա՛ս, ինչո՞ւ կ’ուզես հայրենիքէդ հեռանալ, ո՞ւր երթանք, ինչո՞ւ երթանք, հոս ապահով ենք: Տարիներով հոս մեր երկրին մէջ միասին ապրեցանք խաղաղ, անխռով, ամէն դժուարութիւն յաղթահարեցինք միասին, ահա շուտով կ’աւարտես աւագ դպրոցդ, կը դառնաս համալսարանական, ամբողջ կեանք մը քեզի կը սպասէ…ի՞նչ պիտի ընենք դուրսը,- կը խրատէր մայրը ու կը սեղմէր ուսը շուարած զաւկին, որ քիչ մը վախցած, քիչ մը ամօթէն շիկնած կը կակազէր:
– Բայց դուն լաւ գիտես, որ գալ տարի բանակին պէտք է ծառայեմ, դառնամ զինուոր, գիտես ի՞նչ կը նշանակէ զինուոր դառնալ…
– Պիտի ծառայես, անշո՛ւշտ պիտի ծառայես, քու պատուովդ պիտի ծառայես:
– Բայց մենք կարելիութիւն ունինք դուրս գալու, դուն որոշէ՛, ո՛ւր որ կ’ուզես, ո՛ր երկիրը որ կ’ուզես երթանք ու հանգիստ, ապահով կեանք մը ապրինք:
Սեւան կը զարմանար ամէն անգամ երբ կը լսէր այս խոտոր մտքերու խուլ արձագանգը, որոնք խպնոտ ստուերներու պէս կը ծածկէին իր մայրական հոգին եւ զինք ջերմացնող հայու ոգին կը պարուրէին տամուկ ցաւով:
Ամբողջ գիշերներ լուսցնելով պատուհանին մօտ կը սպասէր աւետաբեր արշալոյսը, որ պիտի լուսաւորէր սիգապանծ Մասիսները եւ նոր օրուան մը հետ գէթ զարթնէր նաեւ զաւկին գիտակցութիւնը:
Եւ սպասուած զարթօնքը չուշացաւ:
Երիտասարդական ճամբարէ մը վերադարձին, Աշոտ բերած էր անսահման երջանկութիւն մը, զոր հաւաքած էր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատարած տասը օրերու ընթացքին: Սիրուն հայուհիի մը ծանօթութիւնը Աշոտին սրտին մէջ արթնցուցած էր վարդաբոյր սէրը, սէրը կնոջ հանդէպ, այն սէրը՝ որ իր հրաշագործութեամբ արարած է ամէն ջերմութիւն աշխարհիս մէջ:
Աշոտին համար հայրենիքը, կինն ու ընտանիքը կարծես դարձած էին անքակտելի միասնութիւն, սիրտը որ կը տրոփէր անցեալին տրտում ու մութ համոզումներու չափին ներքոյ, հիմա դարձած էր ազատ, անկաշկանդ եւ ընդունելով ամէն ճշմարտութիւն ինքնատիպ հաստատումով կը գծէր իր ճանապարհը դէպի սրբազան պարտաւորութիւն:
* * *
Սեւան դարձեալ կանգնած էր պատուհանին դիմաց ու սեղմ շրթներով կը զրուցէր Մասիսներուն հետ, Աշոտ կրկին մեկնած  էր երիտասարդական ճամբար, բայց զարմանալին այն էր, որ այս անգամ ոչ մէկ նկար ուղարկած էր հոնկէ:
Տասը օր անցնելէ ետք, վաղ առաւօտ մը իր անկողինին մինակութեան խուլ գրկին մէջ, յանկարծ կը հնչէ բջիջային հեռաձայնին զիլ ձայնը, տեսակ մը աւետիս յայտնող՝ կարծես եկեղեցւոյ զանգակատունէն հնչած:
Ինքն էր Աշոտը, Սեւան ճանչցաւ զինք իր իւրայատուկ զանգի հնչիւնէն: Սպասող աչքերը լայն բանալով հազիւ կրցաւ զսպել արցունքի կաթիլները՝ ուրախութենէն հպարտ ժպիտով, երբ լիաթոք կարդաց բանակային տարազով իր հայ դաստիարակած որդիին նկարին տակի գրութիւնը «ՊԱՏԻՒ ՈՒՆԻՄ»:
Նախորդը

Տեսանկիւն. Յոյսը Ճառագայթող Փարոս՝ Համատարած Խաւարի Մէջ

Յաջորդը

Երբ Խիղճը Կը Մարի…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?