Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսանկիւն. Յոյսը Ճառագայթող Փարոս՝ Համատարած Խաւարի Մէջ

Ապրիլ 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Բնազդական պահանջով մարդ արարածը միշտ ալ ձգտած է իրականացնել իր նպատակներն ու երազները, միաժամանակ ակնկալած է, որ իր ճիգերն ու մաքառումները պսակուին յաջողութեամբ։

Կեանքի մէջ անպակաս եղած են փորձութիւններն ու արհաւիրքները, որոնք անկանխատեսելի, հատու եւ անխնայ հարուածերով դառնացուցած ու վհատեցուցած են մարդ էակը։ Այսուհանդերձ մշտարծարծ յոյսեր եւ վարդագոյն տեսլականներ յարատեւօրէն գօտեպնդած են զայն, քաջութեամբ ու լաւատեսութեամբ համակելով անոր սիրտը։
Մարդիկ արդարօրէն կը ցանկան, որ ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը տեւաբար անբաժան ըլլան իրենց կեանքէն։ Իւրաքանչիւր արեւածագի անոնք կը յուսան խնդրանքի մը կամ բաղձանքի մը անակնկալ, տարաժամ եւ յանկարծական իրականացումը։
Յոյսեր կը բոցավառին կամ կը նուաղին, երազներ անպարագիծ թափով կ’ընդարձակուին կամ կը ծուարին, իսկ ժամանակը կը տարուբերի յոյսի եւ վհատութեան միջեւ… Ան կը ծիծաղի ու կը զուարճանայ, թէկուզ կը հեգնէ եւ կը ձաղկէ, նոյնիսկ կը սպառնայ, կը բռնանայ ու կ’ահաբեկէ, երբեմն կը բուժէ վէրքեր կամ կը հատուցէ վնասներ, անընդմէջ սրտապնդելով մարդը արիութեամբ զինուելու եւ միշտ պատրաստ ըլլալու նոր տագնապներ կամ անյաջողութիւներ դիմա- գրաւելու։
Ժամանակը սովորաբար անկարեկից է ու դաժան։ Ան շատ հեղ թիրախ կ’ընտրէ մարդու անպաշտպան կողմերն ու տկարութիւնները, կը փորձէ ջլատել անոր ուժերը, սանձել թռիչքները, բեկանել կամքն ու կորովը, թանձր պատեանով քողարկել տեսիլներ, խափանել նկրտումներ…։
Ճակատումն ու պայքարը մարդու եւ ժամանակի միջեւ սուր է, բիրտ ու անողորմ, կ’ենթադրէ անսահման զոհողութիւններ եւ ցնցումներ, յաճախ առաջնորդելով աղէտալի հետեւանքներու։ Այնուամենայնիւ մարդ բնաւ պէտք չէ հրաժարի իր հաւատքէն, ընկրկի պարագայական խոչընդոտներու առջեւ կամ դասալիք դառնայ երկար սպասումի պատճառով, այլ միշտ պէտք է զրահուի լաւատեսութեամբ ու յոյսով։ Որովհետեւ ամենաճգնաժամային պահերուն իսկ յոյսն ու հաւատքը կը դառնան սպեղանիներ եւ հրաշագործ դարմաններ, որոնք կը սփոփեն վիշտեր, կը հանդարտեցնեն ալեկոծ սրտեր, կը փարատեն մտահոգութիւններ, հեռու կը վանեն չար մտքեր, վերստին կեանք եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն բարոյալքուած հոգիներուն, անընկճելի տոկունութեամբ ջրդեղելով զանոնք։
Յոյսը կը համարուի մարդկային կեանքի կենսատու աղբիւր։ Առանց անոր կը սասանին գոյութեան ամենապինդ յենարանները, կը ցամքին լինելութեան կենարար աղբիւրները, կը ստուերանան ըղձանքներ եւ հեռանկարներ, տեղի կու տան աշխատունակութիւն, խանդ եւ վճռակամութիւն։
Բնականաբար երբ կը նսեմանան խայծեր եւ խթանիչներ, ինքնստինքեան ապրիլը կը դառնայ անհամ, անհրապոյր ու անհեթեթ, օրերը կ’անցնին տխուր, անգոյն եւ ան-նպատակ, այլ խօսքով՝ ապարդիւն, անօգտակար, ունայն ու փուճ…։ Հիւանդը օրինակ՝ կը մերժէ դեղ ընդունիլ, երբ բացակայ է բարելաւումի եւ ապաքինման հաւանականութիւնը, աշակերտը կը դժկամի սորվիլ ու տքնիլ, երբ չէ առաջադրուած խրախուսանքն ու յաջողութիւնը, առեւտրականը կը խուսափի վտանգէ եւ արկածախնդրութենէ, երբ չէ շլացած մեծագումար շահու ակնկալիքով…։ Արդարեւ՝ մարդ պիտի չուզէ բազմապատկել իր ճիգերը, ի սպաս դնել իր բոլոր կարելիութիւնները առանց յուսալու նորանոր բարձունքներու եւ յաջողութիւններու հասնիլ։
Յոյսը այն ամոքիչ եւ հրահրիչ ուժն է, որ մարդս կը մղէ անդուլ աշխատանքի ու զոհողութեան, կը ստեղծէ մաքառումի եւ մրցակցութեան ասպարէզներ, կենդանութիւն եւ ոգեւորութիւն կը սփռէ չորս դին, կը գօտեպնդէ բոլորս, նուաճումներու ճամբան հարթելով մեր առջեւ։
Իսկ առանց այդ հրաշատիպ ուժի առկայութեան անկարող կ’ըլլանք գնահատելու կեանքի թանկութիւնը, հասկնալու հեռանկարներու հետապնդման անհրաժեշտութիւնը, անդրադառնալու մեր իսկական արժէքին։
Յոյսը ճառագայթող փարոս է համատարած խաւարի մէջ։ Ամենադաժան եւ ամենայուսահատ պայմաններուն իսկ դեղ եւ դարման է հիւանդին, անկարին, մահամերձին ու աղետեալին համար, նեցուկ եւ ապաստան է թշուառին, կարօտեալին, անտէրին ու որբին։ Աւելին՝ յոյսը հոգեկան անդիմադրելի այն զօրութիւնն է, որ կայծակնօրէն կը փութայ օգնութեան, երբ կը տժգունի նպատակը, կը նահանջէ գոյատեւելու փափաքը եւ վհատութիւնը կը կլանէ մեզ՝ ջլատելով մեր կամքն ու ուժերը։
Չմոռնանք սակայն, որ յոյսը առանձնաբար անզօր եւ անբաւարար կը մնայ կեանքի բոլոր վերիվայրումներն ու արհաւիրքները դիմակալելու եւ յաղթահարելու, տրուած բոլոր խոստումները կատարելու կամ նախատեսուած բոլոր նպատակները իրականացնելու։ Առ այդ՝ աւելի առողջ եւ աւելի խելացի պիտի ըլլար անիրականանալի երազներով չօրօրուիլ ու մեր ողջ կեանքը բախտի եւ առիթներու սպասումով չվատնել։ Քանի հաստատ ճշմարտութիւն է, որ բազում ծրագիրներ ու տեսլականներ տակաւ կը մոռ- ցուին եւ օր մըն ալ ընդմիշտ կ’անհետանան, եթէ անոնք չեն զուգակ-ցուած անխոնջ աշխատանքով, ջանադրութեամբ, պայքարով եւ զոհաբերութեամբ։
Յոյսն ու նպաստաւոր առիթները թէկուզ ժամանակաւոր կերպով կ’երջանկացնեն մեզ, եւ կ’օժանդակեն նուաճելու նախանձելի բարձունքներ կամ արձանագրելու շռնդալից յաջողութիւններ, բայց կը մնան անկարող երկար ատեն տոկալու կեանքի ելեւէջներուն ու անգութ հարուածներուն դիմաց, եթէ անոնք չեն խարսխուած աշխատանքի եւ զոհաբերութեան հաստատ ենթահողին վրայ։ Ահա թէ ինչու ծանր փորձութենէ ետք մարդ երբ կը սթափի ու կը վերագտնէ իր ուժերը, վերահասու կը դառնայ այն բացարձակ ճշմարտութեան, թէ հեռանկարներ լոկ ցանկատեսութեամբ անկարելի է կեանքի կոչել։
Անհրաժեշտ է ուրեմն, որ մեր ծրագիրներն ու երազները իրապաշտ, տրամաբանական եւ իրագործելի ըլլան, ինչպէս նաեւ համապատասխան մեզի ընձեռուած պայմաններուն, մեր հնարաւորութիւններուն, մեր պատրաստութեան, ընդունակութիւններուն եւ կարողութեանց։ Իսկ երեւակայական ձգտումներն ու անկարելի նպատակադրումները պարզապէս կը վերածուին անհիմն պատրանքներու, զորս կը յղանայ մարդկային այն միտքը՝ որ իրականութիւններ ընդունելու եւ մարսելու անատակ է, ի վերջոյ հոգեբեկում, դառնութիւն եւ յուսախաբութիւն պատճառելով ենթակային։
Մարդկային նկրտումներ մարմին եւ հոգի չեն առներ յուսալով, երազելով ու մտածելով միայն, այլ հարկ է գործի լծուիլ այդ ցանկութիւնները շօշափելի իրականութիւններու թարգմանելու համար։ Աշխատանքը անփոխարինելի հրամայական կը հանդիսանայ մեր կեանքին մէջ, անոր շնորհիւ կը ծաղկին ու կը զարգանան մարդու շնորհներն ու կարելիութիւնները, կ’ընդարձակուի մտածումներու հորիզոնը, կը կազմաւորուի ինքնութիւնը, կը հաւասարակշռուին յոյզերն ու զգացումները, կը դարբնուի նկարագիրը, հասարակութենէն ներս կը շեշտուի անոր կարեւորութիւնը, այսինքն՝ ան կ’ըլլայ ինքնիր, իր անձին եւ իր ցանկութեան տէրը…։ Աւելին՝ աշխատութեան միջոցով մահկանացուներ կը մշակեն ընկերային սերտ յարաբերութիւններ, կը բազմացնեն իրենց բարեկամները, կը բարձրացնեն սեփական վարկը, վստահութիւն կը ներշնչեն իրենց շուրջ, կը շրջանցեն ճգնաժամեր եւ անցանկալի վիճակներ։
Աշխատանքը որքան ալ համեստ ու աննշան համարուի, չի վարկազրկեր մարդը ու չի նուաստացներ զայն, այլ կը բարձրացնէ անոր պատիւն ու ընկերային դիրքը, նոյնիսկ կը վերադասէ զայն թոյլ, ծոյլ ու անպատասխանատու շատ մը արարածներէ, որոնք մակաբոյծներու նման կը սնանին այլոց վաստակով եւ իրենց նուազագոյն նպաստն անգամ կը զլանան հաւաքականութեան։
Սեփական ուժերուն ապաւինիլն ու անհատական ճակտի քրտինքին արդիւնքով ապրիլը կը կազմեն գլխաւոր գրաւականները մարդու մարդկայնականութեան։
Աշխատանքը գոյատեւելու ի խնդիր մղուող պայքար մը չէ սոսկ, ինչպէս օրինակ որսը՝ քաղցած վայրի կենդանիին համար։ Անիկա էական եւ ուրոյն յատկութիւն մըն է մարդուն մօտ, որ չի բնորոշուիր արտաքին, երեւութական տուեալներով, ոչ ալ շրջապատի ու բնութեան հետ պատշաճ, ճարտար, ճկուն եւ գործնապաշտօրէն վարուելու ընդունակութեամբ։
Մարդկայնական, ընկերային, գաղափարական եւ բնազանցական կենսայատկութիւններու հանրագումար մը կը ներկայացնէ աշխատանքը, որ առաւելաբար հոգեկան ու բարոյական բնոյթ ունի։
Գործը բնատուր պարգեւ մըն է մարդուն համար։ Այն հասարակութիւնը, որ կը ջանայ մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն կերտել, յառաջդիմութիւն արձանագրել, գագաթներ նուաճել, առաջատար ժողովուրդներու շարքին դասուիլ, ազնիւ եւ վսեմ առաքելութեանց դրօշակիր դառնալ, հարկ է որ անյետաձգելիօրէն ձեռնարկէ անխոնջ եւ ծրա- գրուած աշխատանքի, զարկ տայ իր երկրի արդիւնաբերութեան, մանաւանդ՝ հետամուտ ըլլայ գիտութեան նորագոյն նուաճումներու հետ համաքայլ ընթացման եւ յարատեւ զարգացումի։
Յոյսերու, ծրագիրներու եւ նպատակներու իրագործումը կը կարօտի մշտապէս գործող մտքերու, ջլապինդ բազուկներու, անտեղիտալի հաստատակամութեան եւ անսպառ կորովի։
Նախորդը

Միջազգային Տնտեսութիւնը Այսօր

Յաջորդը

Պատիւ Ունիմ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?