Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ 2 ապրիլին Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա»-ով վարակուելու 92 նոր դէպք: Այսպիսով, այս ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 663-ի, արձանագրուած մահերու թիւը` 4-ի:
Նախարարը դիտել տուաւ, որ 92-ին կէսէն աւելին արդէն մեկուսարանի մէջ կը գտնուէին կամ մեկուսացուած էին, եւ կամ շփման մէջ` նախապէս հաստատուած դէպքերու հետ:
Նախարարը տեղեկացուց, որ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ առանձնացուած են սրահներ, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային պիտի վերածուին հիւանդանոցներու` «Քորոնա»-ի դէմ պայքարող: