Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յարգա՛նք Բուժողներուն, Բայց…

Ապրիլ 1, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թամփ միակը չէ…

Հիմա՝ երբ աշխարհը սկսաւ սորվիլ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է համակեցութեան ձեւեր գտնել Պսակաձեւ ժահրին հետ եւ փորձել յաղթահարել զայն, կ’արժէ մեր աչքերը տարածել կիզակէտէն քիչ մը անդին եւ յայտարարել, որ պէտք է յարգանք մատուցել առողջապահութեան մարզին մէջ գործող բոլոր անհատներուն, որոնք առաջին ճակատին վրայ կը պայքարին ամէն տեղ հասնելու կարող՝ անտեսանելի պատուհասին դէմ: Անոնք կը կոչուին բժիշկներ, վարակաբաններ, հիւանդապահներ, բուժակներ, դարմանատուներու մէջ ծառայողներ. բոլորի՛ն, բոլորի՛ն:

Սպանացիք եւ իտալացիք Մարտ 30-ին յարգանքի տուրք մատուցեցին Պսակաձեւ ժահրի զոհերուն: Շա՛տ լաւ զգացում, սակայն առյաւէտ հեռացողներուն չափ, ու անոնցմէ աւելի՝ ճակատումը շարունակողներն են յարգանքի արժանի, ո՛ւր որ ալ ըլլայ անոնց պայքարի դաշտը, Չինաստանէն մինչեւ Աւստրալիա, Կովկաս, Եւրոպա եւ ովկիանոսներէն այն կողմ: Ճիշդ է. այս «դասակարգ»ի մարդոցմէ հազարաւորներ իրենց կեանքով վճարեցին մարդկային կեանքեր փրկելու, վարակուածներ դարմանելու իրենց ճակատամարտին համար: Առաջին զոհերէն էր չինացի այն բժիշկը, որ յայտնաբերած էր այս վարակը, ահազանգ հնչեցուցած էր օրին, սակայն բժշկութեան հետ աղերս չունեցող հազար հաշիւով՝ ան լռութեան մատնուած էր, մինչեւ իսկ՝ հալածանքի ենթակայ դարձած: Ան եղաւ կեանքով վճարողներու առաջիններէն:

Յարգանք մանաւանդ այն մասնագէտներուն, որոնք ահաւասիկ Յունուարէն ի վեր ահազանգ ահազանգի ետեւէ կը հնչեցնեն, պետական մարդոց ու հասարակ մահկանացուներուս յայտնելու՝ թէ սա խաղ ու քաղաքական հաշիւներ չճանչցող պատուհաս մըն է: Անոնք պահանջեցին ու կը շարունակեն պահանջել, որ նախ եւ առաջ, մարդիկ գիտակցութիւն եւ տրամաբանութիւն գործածեն՝ ՉՎԱՐԱԿՈՒԵԼՈՒ եւ  ՉՎԱՐԱԿԵԼՈՒ համար, նոյն ատեն, առաջնահերթութիւն տրուի վարակը զսպելու միջոցներուն, շարժիլ արագ, հիւանդանոցներ եւ զանգուածները օժտել սարքերով ու դիմակներով, հականեխիչներով, որոնց սակաւութեան պատճառները այլապէս քննարկելի հարց են, սակայն պէտք չէ դանդաղիլ անոնց վրայ, այլ գործել, ու գործել ճիշդ ուղղութեամբ, հեռու՝ նեխած շառլաթանութենէ (ներողութիւն այս օտարաբանութեան համար, սակայն բաւական հնչեղ է…):

Յարգա՛նք զոհաբերողներուն: Սակայն ո՛չ մէկ յարգանք պետական ու քաղաքական այն մարդոց, որոնք ահաւոր կերպով թերացան իրենց պարտականութեան մէջ, իրենց ականջները փակեցին եւ կը շարունակեն կէս բանալ ահազանգերուն դիմաց, հիւանդանոցներուն եւ զանգուածներուն կարիքները հոգալու կոչերուն դիմաց:

…Ամիսներ շարունակ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բեմը փոթորկեցաւ Ուքրանիոյ նախագահին հետ նախագահ Թրամփի հեռաձայնային ծանօթ «սակարկութեան» պատճառով: Դրօշակներ պարզուեցան, քուէի դրուեցան զայն ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու բանաձեւեր: Քուէարկութիւնը տեղ մը յաջողեցաւ, ուրիշ տեղ ձախողեցաւ: Եւ ահա, այդ տագնապէն շատ աւելի ահաւոր հետեւանքներով փոթորիկ մը կը հարուածէ Միացեալ Նահանգներն ու անոր նման «հզօր երկիրներ», եւ սակայն, պետական առաջնակարգ դէմքերու անտարբերութեան- թերացումներուն եւ դանդաղկոտութեան դիմաց ո՛չ մէկ գործնական շարժում:

Սակայն աշխարհը բոլորովին անյոյս չէ: Տեղ մը՝ որ կը կոչուի Քոսովօ, մարդիկ աւելի՛ զգօն եղան, քան այլուր: Վարչապետ Ալպին Քուրթի կորսնցուց վստահութեան քուէն եւ անոր կառավարութիւնը տապալեցաւ: Պատճա՞ռը: Ան պաշտօնանկ ըրած էր ներքին գործոց նախարարը, որ զինք քննադատած էր՝ Պսակաձեւ ժահրին դէմ անհրաժեշտ եւ շտապ միջոցներ ձեռք առած չըլլալուն համար: Վստահութեան քուէն քաշողները, ընդդիմադիրներէն առաջ, Քուրթիի կառավարական դաշնակիցներն էին…: Սպասենք, որ այլ տեղեր ալ իշխանութիւններ սասանին նոյն պատճաով:

Պսակաձեւ ժահրը քաղաքական հակաճառութիւններու դո՞ւռ բացած է: Այո՛, եւ դժբախտաբար: Անիկա նաեւ լայն ասպարէզ բացած է քաղաքական մարդոց ետին կանգնողներուն, որոնք սակարաններու եւ տնտեսական աշխարհին մէջ փութացին չարաշահելու կացութիւնը, եւ չեղաւ որեւէ պետական մեքենայ, որ անոնց «ձեռքը բռնէր», սանձէր շահամոլութիւնը: Վաղը, երբ այս փոթովիկին փոշին նստի, մարդիկ աւելի բաց աչքերով պիտի տեսնեն իրականութիւնները եւ պիտի մնան… անկարողութեան մատնուած:

Ուրեմն, դարձեալ յայտարարենք. յարգա՛նք բոլոր բուժողներուն, դարմանողներուն, սակայն ո՛չ մէկ յարգանք ապիկարներուն ու չարաշահողներուն:

31 Մարտ 2020

Նախորդը

Սուրիոյ Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրին Իսրայէլեան Յարձակումի Մը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 10 Եւ 11

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?