Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջերս «Քորոնա» Համաճարակի Արտակարգ Դրութեան Լոյսին Տակ Արժանի Յարգա՛նք` Առողջապահական Համակարգի Անձնակազմին

Ապրիլ 1, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Բժշկութեան նախահայր Հիփոկրատ

«Համաճարակներու ընթացքին եւ այլ վտանգաւոր կացութիւններու ընթացքին պիտի կատարեմ իմ պարտականութիւններս` իբրեւ բժիշկ, մոռնալով անձս»:

«Հիփոկրատի ուխտ»

Բժշկութեան նախահայր Հիփոկրատի տասը կէտերէ բաղկացած «Ուխտը» որքա՛ն կը համընկնի վերջերս աշխարհին եւ Լիբանանի դիմագրաւած «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ահաւոր կացութեան ի տես: Արդարեւ, իւրաքանչիւր բժիշկ երբ բժշկական ասպարէզը կ’ընտրէ,  այս ուխտը կը կատարէ` հաշուետու ըլլալով նախ իր անձին, հիւանդին եւ ամէնէն կարեւորը` Աստուծոյ հանդէպ: Ի զուր չէ այն հաստատումը, որ կեանքին մէջ երկու ասպարէզներ կան, որոնք անմիջական կապ ունին մարդ էակին կազմաւորման եւ գոյատեւման հետ: Առաջին ասպարէզը ուսուցչութիւնն է. ուսուցիչը կը կերտէ մարդ անհատը` անոր մէջ զարգացնելով բազմաթիւ հմտութիւններ, քննական միտք, առողջ դատողութիւն եւ անհատականութիւն, իսկ երկրորդ կարեւոր ասպարէզը բժշկութիւնն է, ուր բժիշկը կոչուած է փրկելու մարդոց կեանքը, ամոքելու հիւանդներուն ցաւերը եւ հասնելու բոլոր դասակարգերու մարդոց` առանց խտրութեան: Այս երկու ասպարէզները սակայն մէկը միւսը չի գերազանցեր անհրաժեշտութեան եւ առաջնակարգ դիրք գրաւելու առումով, այլ երկուքը զիրար կ’ամբողջացնեն, որովհետեւ գիտակից եւ իր կեանքի ուխտին հաւատարիմ ու խղճամիտ անհատին համար ուսուցչութիւնն ու բժշկութիւնը առաքելութիւն են ու զոհողութիւն: Այս յօդուածով չեմ ուզեր թերագնահատել ուսուցիչին անուրանալի դերը, սակայն կ’ուզեմ անդրադառնալ այն մարտահրաւէրներուն, որոնց հետ  բժիշկները դէմ յանդիման կը գտնուին իրենց առաքելութեան դրսեւորման ընթացքին:

Կասկածէ վեր է, որ բժշկութիւնը առեւտրական ու շահադիտական մտորումներէ շատ աւելի բարձր է: Բժիշկ եւ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ իր «Հրաշալի բժշկութիւն» յօդուածին մէջ այսպէս կը  բնորոշէ բժիշկին առաքելութիւնը. «Եթէ դուն իրապէս բժիշկ ես, հիւանդներուդ փրկութեան համար իրաւունք չունի՛ս որեւէ միջոց մերժելու այդ նպատակին հասնելու համար: Սահմանափակ ու այլամերժ բժշկութիւն մը գիտակից ոճրագործութիւն մըն է: Պիտի դիմես հնարաւոր բոլոր ազդակներուն: Դեղն ու դանակը, ջուրն ու կրակը, ելեկտրականութիւնն ու մագնիսականութիւնը, գիտութիւնն ու հաւատքը` փոխն ի փոխ քու զէնքերդ պիտի ըլլան. որովհետեւ այն ախտերը, որոնց դէմ կը կռուիս, տարբեր հիւանդներու մէջ, տարբեր զէնքերու կը դիմես»:

Ի՜նչ վեհ եւ մարդասէր առաքելութեան մը կոչուած է նաեւ այսօր աշխարհի տարածքին եւ այս պարագային Լիբանանի մէջ զործող առողջապահական համակարգի անձնակազմը, որ կ’ընգրկէ բժիշկները, հիւանդապահները, բուժքոյրերը, դեղագործները եւ Կարմիր խաչի կամաւորները, որոնք օրն ի բուն, հեռու` իրենց ընտանիքներէն եւ հարազատներէն, կը պայքարին 21-րդ դարուն աշխարհին մէջ յայտնուած ու տարածուած այս անտեսանելի թշնամիին` «Քորոնա» ժահրին դէմ: Անոնք նաեւ մեծ համեմատութեամբ տարածուող այս ժահրին դէմ կը պայքարին, վտանգի ենթարկելով նաեւ իրենց կեանքը` միշտ ի մտի ունենալով «Հիփոկրատի ուխտը»` կատարելու իրենց պարտականութիւնը եւ մոռնալով իրենց անձերը:

Երեք օր առաջ` կիրակի, 29 մարտին, Լիբանանի տարածքին գօտեպնդիչ երեւոյթ մը պարզուեցաւ, երբ երեկոյեան ժամը 8:00-ին մեկուսացման մէջ գտնուող բոլոր քաղաքացիները իրենց տան պատշգամներէն մէկ վայրկեան ծափահարութեամբ իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը, ինչու ոչ նաեւ զօրակցութիւնը յայտնեցին «Քորոնա»-ի դէմ պայքարող առողջապահական համակարգի անձնակազմին եւ «անյայտ զինուորներուն»: Որքա՜ն յուսադրիչ էր տեսնել ապահովական ուժերու ջոկատներու եւ կարգ մը քաղաքապետութիւններու երախտագիտական արտայայտութիւններն ու «Պատուի՛ առ» յարգանքի բարեւները Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին դիմաց` բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն ուղղուած: Վերջ ի վերջոյ բովանդակ իմաստով խրախուսիչ էր այս երեւոյթը` մարդ անհատին կեանքը փրկող նուիրեալ անձերուն` բժիշկին եւ հիւանդապահին հանդէպ:

Կը մնայ, որ մենք իբրեւ մարդ միշտ արժեւորենք առողջապահական համակարգի անձնակազմին անդամները, որոնց նուիրումը եւ ծառայութիւնը անսակարկելի են` եթէ մէկ կողմէ կեանքեր կը փրկեն, իսկ միւս կողմէ զիրենք մնայուն վտանգի դէմ յանդիման կը դնեն:

Յարգա՛նք, ո՛ւժ եւ կորո՛վ մեր առողջութիւնը պահպանողներուն:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ը Իր Աջակցութիւնը Կը Ցուցաբերէ Արցախի Մէջ «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարի Աշխատանքներուն

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Եւ Համաշխարհային Համակարգի Անզօրութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?