Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»ի Խմբագրական․ Արցախը կ՛ընտրէ

Մարտ 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամբողջ աշխարհը ճգնաժամի մէջ է։ Իսկ Արցախը, բնութեան գիրկին մէջ բազմած այդ դրախտը, շարունակ ճգնաժամի մէջ եղած է։ Չկայ բնութեան կողմէ պարտադրուած համաճարակը, սակայն շարունակ ներկայ է թշնամին՝ արցախցիին պսակաձեւ ժահրը՝ Ատրպէյճանը։ Դեռ քանի մը օր առաջ, ճիշդ թուականը նշելու համար, Մարտ 23-ին, նշուեցաւ աննման «պարիսպներու քաղաք» Շուշիի կոտորածին հարիւրերորդ տարելիցը։

Արցախի Հ․Յ․ Դաշնակցութեան կառոյցը գործի լծուած է այս ընտրութիւններուն, նոյնիսկ նախագահութեան պաշտօնին համար, ներկայացնելով իր սեփական թեկնածուն, յանձին Դաւիթ Իշխանեանի։

Անդամալոյծ վիճակի մէջ է աշխարհը, սակայն ըստ երեւոյթին, ո՛չ Արցախի պարագային։ Ամայացած են աշխարհի ամենէն աւելի բանուկ շրջաններն ու բեղուն քաղաքները, սակայն ո՛չ Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ շրջաններ։

Այսպէս, անտեսանելի, աննկատ եւ մահազդու պսակաձեւ ժահրը ինքզիքն պարտադրած է եւ անշարժացուցած է ամէնուրեք։ Սակայն, հազուադէպ բացառութիւններէն է Արցախը, որ ցնոր տնօրինութիւն որոշած է կատարել համապետական ընտրութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ցայսօր ո՛չ մէկ պարագայ արձանագրուած է։

Հայաստանի հետ օրական երթեւեկը կը շարունակուի եւ նախազգուշական միջոցառումներ առնուած են․․․նաեւ ընտրութեան օրն ալ պիտի առնուին, թէ՛ ընտրողներուն, թէ՛ ընտրուողներուն եւ թէ՛ դէտերուն կողմէ։

Արցախցիին համար անհրաժեշտ է համահայկական մակարդակով մշակել եւ ընդունիլ արեան գնով պահած ու պաշտպանած իր սուրբ հողին կարգաւորման միասնական հայեցակարգը, ուր առանց որեւէ զիջումի, յստակօրէն կը նշուին հայկական կողմի հիմնական մօտեցումներն ու տեսլականը, մանաւանդ որ Հայաստանի հանրապետութիւնն է Արցախի անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւորը։ Հետեւաբար, նոյնքան առաջնահերթ է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան պայմանագրի կնքումը, որ կարեւորագոյն խարիսխն է, առանց մոռնալու անշուշտ Արցախի մասնակցութիւնը որպէս լիիրաւ մասնակցող կողմ։

Նորընտիր նախագահն ու համապետական մեքենան թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ գործ ունին կատարելիք։

Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան համար «Զարգանալ՝ չզիջելով» սկզբունքը Արցախի հզօրացման եւ հարցի լուծման հիմնական առանցքն է: Անկասկած, Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման, ճանաչման եւ խաղաղութեան պահպանման հիմնական պայմանն է ժողովրդավարական հանրային կարգի կառուցումը, ընկերային արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան հաստատումը։ Նաեւ, պետութեան գլխաւոր խնդիրը հասարակութեան արժանապատիւ կեանքի համար պայմաններու ստեղծումն է, երկրի եւ ժողովրդի անվտանգութեան ապահովման, փտածութեան դէմ պայքարի, վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ եւ հետեւողական իրականացման կողքին:

Հ․ Յ․ Դաշնակցութիւնը ամենադաժան ու թեժ պայմաններուն միշտ ալ կանգնած է արցախցիին կողքին, յատկապէս երբ վերջերս հետզհետէ աւելի կը նշուի մատրիտեան սկզբունքներու թղթածրարը, որ կ՚ոտնակոխէ արցախցիին իրաւունքն ու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ տարածաշրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը երաշխաւորող հիմնական գործօնները։

Մարտ 31-ին կատարուելիք ընտրութիւններուն, 14 թեկնածու կայ նախագահութեան պաշտօնին համար, իսկ Ազգային Ժողովի 32 աթոռներուն համար 300 անձեր դրած են իրենց թեկնածութիւնը։ Արցախը պիտի ընտրէ՛։

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 393-ի

Յաջորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Արցախի Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանի Միջեւ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?