Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Մխիթարեաններու Հարցով Դատարանը Իր Վճիռը Արձակեց

March 21, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ծանօթ է, որ Սեւրի Մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի տարածքի ապագային շուրջ շատ լուրջ տարակարծութիւններ ծագած էին՝ մէկ կողմէ պապական նուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի գլխաւորած ճակատին, միւս կողմէ Փաթրիք Տէվէճեանի գլխաւորած Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան (Association du Collège Arménien de Sèvres) միջեւ եւ հարցը հասած էր մինչեւ դատարան՝ ճշդելու համար, թէ կողմերէն ո՛ր մէկը լիազօրուած է երբեմնի վարժարանի ճակատագիրին մասին որոշումներ տալու:

Ներկայիս, Սեւրի հայկական վարժարանին ընկերակցութեան հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ Նանթերի դատարանը իր վճիռը արձակած է եւ ջնջած այն բոլոր որոշումները, զորս տուած էր Լեւոն Զէքիեանի գլխաւորած մարմինը (Association du Collège Arménien Fondation Samuel Moorat 1846):

Հաղորդագրութեան մէջ կը պնդուի, թէ այդ մարմինը թէ՛ ապօրինի ձեւով նախագահ նշանակած է Զէքիեանը, թէ՛ ալ բազմաթիւ ապօրինութիւններ կան Սեւրի վարժարանի հողատարածքին վրայ եկամտաբեր շէնքեր կառուցելու նպատակով յատկապէս կազմուած անոր վարչական խորհուրդին կանոնադրութեան մէջ:

Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան վարչական խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ իր նպատակն է Սեւրի հողատարածքը յատկացնել իր նախնական կոչումին, որ պատսպարելն է հայ լեզուին, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած կրթական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ մատենադարան մը, հետազօտութեան կեդրոն մը եւ թանգարան մը, որոնք միասնաբար պիտի կազմեն Հայոց  Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, եւ համայնքային՝ տօնական եւ բարեսիրական ձեռնարկներու յարմար վայր մը: «Դարաւոր, աւանդութեան հաւատարիմ մնալով՝ ծրագիրին մէջ Մխիթարեան հայրերու միաբանութիւնը պիտի պահպանէ իր մտաւորական եւ հոգեւոր տեղը» տողերով կ՛աւարտի հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

Ռուսիա Սկսաւ Պատուաստ Մը Փորձարկել. Չինաստանի Մէջ 2-րդ Օրն Ըլլալով Որեւէ Նոր Վարակում Չարձանագրուեցաւ. Վարակուածներուն 87,9 Առ Հարիւրը Բժշկուեցաւ

Յաջորդը

«Եօթներու Խմբակ»-ի Ղեկավարներու Հանդիպումը` Տեսակապ Միջոցով

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամուր Կանգնիլ Եւ «Ո՛չ» Ըսել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համատեղ Փաթեթին»

November 3, 2026
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

November 3, 2026
«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի,  Սակայն Կը Վստահի Երեւանին»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի, Սակայն Կը Վստահի Երեւանին» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.