Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ 17 մարտին տեղի ունեցաւ պարէտատան առաջին նիստը: Ան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով յայտարարուած արտակարգ դրութեան գործնականացման համար պէտք է աւելի ճկուն ըլլալ:
«Ես կը տեսնեմ, որ որոշակի խնդիրներ կան, եւ նոյնիսկ արտակարգ դրութեան մէջ մենք կ՛ունենանք որոշումներու պաշտօնականացման յետաձգումներ: Պէտք է խնդրեմ, որ մեր իրաւաբանները քիչ մը աւելի յստակ ու ճկուն համակարգ առաջարկեն, որով մենք յառաջ կը շարժինք, որովհետեւ տպաւորութիւնս այն է, որ արտակարգ դրութեան մէջ մենք աւելի քիչ ճկունութիւն ունինք, քան մինչ այդ ունէինք», յայտնեց Աւինեան:
Ան յայտնեց, որ պիտի քննարկուին քանի մը կարեւոր այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին հանրային նախաձեռնութիւններ իրականացնելու սահմանափակումներուն` Հայաստանի ամբողջ տարածքին, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է իրականացնել անոնց վերահսկողութիւնը: Ըստ Աւինեանի, պէտք է ճշդուին մեթոտական յստակ ցուցմունքներ, որպէսզի իր պարտականութիւնները կատարող իւրաքանչիւր պաշտօնեայ իմանայ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ:
Այնուհետեւ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ներկայացուց հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակը` «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարին առնչուած: Պարէտատան նիստի մասնակիցները կարեւոր նկատեցին յատկապէս քաղաքացիական գիտակցութեան ու զգօնութեան դերը եւ լրացուցիչ անվտանգութեան միջոցառումները:
Նիստի ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, ոստիկանութեան կողմէ վերահսկողական քայլերուն վերաբերող յատուկ յանձնարարականներ տրուեցան: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ մարզերուն ու Երեւան քաղաքին մէջ տարբեր գերատեսչութիւններու ներգրաւումով վերահսկողական գործողութիւններու համակարգման առումով մարզպետներու ու Երեւանի քաղաքապետին դերը:
Նիստի մասնակիցները քննարկեցին ընկերային-տնտեսական անհրաժեշտ քայլերը` տնտեսութիւնը աշխուժացնելու ու մեղմացնելու համար այս ժահրին ազդեցութիւնը ընկերային տարբեր մակարդակի պատկանող խումբերուն վրայ:
Անդրադարձ կատարուեցան նաեւ շարք մը երկիրներու հետ հաղորդակցութեան ու մուտքի արտօնագիրի դրութեան վերաբերող հարցերու:



