Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պուրճ Համուտի Մէջ Բարգաւաճման Ծրագիրները Անհրաժեշտութիւն Են, Իսկ Աղբակոյտը Անվերադարձ Կորսուած Է» Շեշտեց Մ. Պօղոսեան

Մարտ 18, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի աղբակոյտի վերացումին մասին անցեալ շաբաթավերջին` կիրակի, 15 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց յատուկ յայտագիր մը` պատրաստուած  հաղորդավար Տանի Հատտատի կողմէ:

Յայտագիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի կառուցման աշխատանքներուն մանրամասնութեան, անցուցած տարբեր փուլերուն եւ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք` իրականացած նուաճումին:

Յայտագիրը, որ կը կրէր «Սաքաթալ ժապալ» խորագիրը, հիւրընկալեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, որ շեշտեց, թէ աղբակոյտի իրականութենէն բոլորը տուժած են` Պուրճ Համուտը, Ժտէյտէն, Սին էլ Ֆիլը եւ Տըքուենէն:

«Աղբի լերան արձակած գարշահոտերէն նեղացած ենք բոլորս, սակայն այսօր ամէն բան վերջ գտած է: Այդ վայրին մէջ աղբ գոյութիւն չունի, իսկ 45-ամեայ աղբակոյտը վերացած է եւ գիտական ու կենսոլորտի առողջութեան չափանիշներուն համապատասխան հարթեցուած: Պուրճ Համուտի բնակիչներուն կը հաստատեմ, որ աղբակոյտը անվերադարձ կորսուած է», ըսաւ Մ. Պօղոսեան:

Ան նշեց, որ 2016-ին կառավարութեան որոշումով վճռուեցաւ այդ աղբակոյտը վերացնել աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին հետ գործակցաբար իրականացուց այդ որոշումին գործադրութիւնը` աշխատանքն ու ծրագիրը վստահելով «Խուրի» ընկերութեան:

Մ. Պօղոսեան աւելցուց, որ քաղաքապետութիւնը բծախնդրօրէն հսկած է այդ ծրագիրի կանոնաւոր գործադրութեան` մերթ ընդ մերթ դիտողութիւններ կատարելով, ինչպէս նաեւ գործակցած է քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն ու դատական իշխանութիւններուն հետ:

Քաղաքապետը հաստատեց, որ «Խուրի» ընկերութիւնը բացառիկ եւ հմայիչ աշխատանք տարած է այդ հսկայ տարածութեան վրայ:

«Կառավարութեան տուած որոշումի գործադրութեան հանդէպ լուրջ մօտեցում ցուցաբերեցինք եւ զայն գործադրեցինք: Բոլորս կը կասկածէինք այս ծրագիրին յաջողութեան, սակայն յաջողեցանք, եւ մէկուկէս տարի ետք լրիւ տարբեր շրջանի մը պիտի վերածուի 250 հազար քառ. մեթրի հասնող այս տարածքը», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան հաստատեց, որ թափօններու թաղման վայրէն բացի այդ շրջանին մէջ պիտի ըլլայ կոյաջուրերու զտարան մը, ինչպէս նաեւ կանաչապատ շրջաններ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ստեղծեն աշխատանքի առիթներու, ներդրումներու եւ Պուրճ Համուտի մէջ բարգաւաճման յաւելեալ ծրագիրներ իրագործելու:

Քաղաքապետը հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան 32 միլիոն տոլար խոստացած է` այդ ծրագիրը կատարելու համար, ճշդելով 4 անգամ 8 միլիոն տոլար յատկացնելու ձեւաչափը: «Իրականութիւնը  սակայն չհամապատասխանեց խոստումներուն, եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ցարդ ստացած է առաջին 8 միլիոնը: Պուրճ Համուտի մէջ անցնող 40-50 տարիներուն ընթացքին բարգաւաճման ծրագիրներ չեն իրականացած, հետեւաբար պէտք է առաւելագոյն չափով բարգաւաճում իրականացնենք այս շրջանին մէջ», հաստատեց քաղաքապետը` աւելցնելով, որ ինք արձանագրուած այս նուաճումը կը նուիրէ Պուրճ Համուտի զաւակներուն, որոնք կէս դար տառապեցան:

Նախորդը

Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողներուն

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?