Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկութիւնը Մարդկայնացնող Ժահրը

March 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն «Քորոնա» ժահրին տարածումը եւ սարսափը համամարդկային միջպետական ճգնաժամ մը ստեղծեց:

Բնութեան դէմ անկարող եւ անհաւասար ուժերով պայքարող մարդկային գիտութիւնը ձեւով մը պարտուած է մինչեւ օրս:

«Քորոնա» ժահրը աշխարհի տնտեսութիւնը քանդեց, մարդկային մեծ թիւով կորուստներ արձանագրեց, գիտութեան բոլոր միջոցները անբաւարար ու անկար եղան, մարդկային ապահով միջավայրը քայքայուեցաւ:

Երկրի նախագահէն մինչեւ մեծագոյն կրօնապետը, գնդապետէն մինչեւ ամէնէն պարզ զինուորը, հարուստն ու աղքատը, զարգացածն ու անուսը բոլորն ալ ենթակայ են վարակման: Բոլորն ալ անխտիր վախի մէջ են:

«Քորոնա» ժահրի սահմանները աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ տարածուեցաւ եւ ինքնամեկուսացումը վարակումը սանձելու ու կանխելու միակ միջոցը համարուեցաւ:

Սակայն անցնող շաբաթներուն նշմարուեցաւ բոլորին քով աւելի մարդկային վերաբերմունք: Թշնամի երկիրներ զիրար օգնելու, նոյն երկրին մէջ իշխանամէտներ եւ ընդդիմադիրներ ձեռք ձեռքի տուած տագնապը դիմագրաւելու կացութիւններու ականատես եղանք, ասիկա առիթ եղաւ բանտարկեալները նոյնիսկ արձարկելու, աղօթելու, զգաստանալու, պահ մը մտածելու, որ ի՛նչն է կեանքի մէջ կարեւորագոյնը:

Փառք, տիտղոս, նիւթական, վայելք, ուսում, աշխատանք, գիտութիւն թէ մարզանք, այս բոլորն ալ անհեթեթ են ժահրին զօրութեան եւ սարսափին դիմաց: Ապրելու եւ առողջ մնալու դիմաց: Մարդիկ սկսան գիտնալ, որ մարդկային ըլլալը ամէնէն կարեւորն է:

Չինաստանը, որ ամէնէն շատ եւ ամէնէն մեծ կորուստը ունեցաւ, ձեռք երկարեց բոլորին: Պահը եկաւ, որ մարդկային արժէքը աւելի վեր դասուի բոլոր միւս լոզունգներէն:

Մարդկութիւնը միացնող, մարդկութիւնը աւելի մարդկային դարձնող ուժ մը եղաւ ժահրը` ընտանեկան, ազգային, պետական, քաղաքական թէ այլ մակարդակներու վրայ:

Սակայն վստահ եմ, որ գիտութիւնը պիտի դիմագրաւէ այս դժուարութիւնն ալ եւ ժահրը պիտի կասեցուի ինչպէս անցնող ժամանակաշրջանի բոլոր ժահրերու ճակատագիրին նման:

Սակայն այս անգամ թող բոլոր մարդկութիւնը զգաստանայ, որ ծաւալապաշտութիւնը, իշխանութիւնները, փառքը, իրաւունքներու ոտնակոխումով քաղաքական կամ ռազմական յաջողութիւններ արձանագրելը, բոլորը անիմաստ են եւ անհեթեթ, երբ նման կացութիւններ ստեղծուին:

Մարդկային եւ աւելի մարդկային ըլլալու դաստիարակութիւնը դաս է աշխարհի բոլոր ժողովուրդին:

Առողջ մնալն ու առողջ ապրիլը գերագոյն եւ մեծագոյն հարստութիւնն է, որ յաճախ մեր կեանքին մէջ կը մոռնանք, եւ որուն կարեւորութիւն չենք տար:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան` Սեւ Ոսկիին Եւ Պսակաձեւ Ժահրին Միջեւ

Յաջորդը

Քրիստափոր Միքայէլեան. Հաւատարիմ` Հողին Եւ Հայուն

RelatedPosts

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
Ո՞ւր Են Արցախի Մաշած Գնդակները
Անդրադարձ

Ո՞ւր Են Արցախի Մաշած Գնդակները

October 7, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.