Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստափոր Միքայէլեան. Հաւատարիմ` Հողին Եւ Հայուն

Մարտ 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այս տարի հայ իրականութիւնը կը նշէ ՀՅ Դաշնակցութեան մտքի (Քրիստափոր Միքայէլեան) նահատակութեան 115-ամեակը:

Դժուար է յօդուած գրել, կարծիք արտայայտել կամ հաստատել ժառանգութիւնը այնպիսի անհատականութեան մը մասին, որուն անունը լսած ենք ազգային-յեղափոխական երգերու կամ ալ ազգային-ազատագրական պայքարի գրականութեան մէջ:

Շատ յօդուածներ գրուած են եւ տակաւին անտարակոյս պիտի շարունակեն գրուիլ Քրիստափորի հայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ ունեցած դերակատարութեան մասին, մանաւանդ նկատի ունենալով` իր յանդգնութիւնը, հեզութիւնը եւ խոնարհութիւնը, որոնք ցուցաբերուեցան ընդդէմ սուլթան Ապտուլ Համիտին կազմակերպուած մահափորձի պատրաստութիւններուն ընթացքին:

Սակայն Քրիստափորի մասին խօսելու ժամանակ անոր պէտք է մօտենալ նաեւ այլ դիտանկիւնէ` գիւղացիներուն շահերը պաշտպանողի դիտանկիւնէն:

ՀՅ Դաշնակցութեան միտքի տիտաններէն Միքայէլ Վարանդեան հայ ազգային-ազատագրական պայքարը կը նկարագրէ նաեւ իբրեւ ընկերային-տնտեսական ազատագրական պայքար եւ մէկը միւսին ամբողջացնող` ըսելով. «Արեւմտահայու պայքարը նաեւ ընկերվարական պայքար էր, ան կը միտէր ազատագրուիլ տաճիկ աղաներու լուծէն»: Վարանդեան կը ներկայացնէ արեւմտահայ գիւղացիին առօրեայ կեանքը` հետեւեալ տողերով. «Հայերը տարապարհակ աշխատութեամբ կը վարեն աղաներուն արտերը, կը քաղեն խոտերն ու հունձքերը: Հունձքերը հասնելուն` քիւրտերը կ՛իյնան հայոց արտերը, հացահատիկի խուրձերը կը յափշտակեն, կը տանին…»:

Ծնունդ առնելով Ագուլիսի գիւղատնտեսական դաշտային հողատարածքին մէջ` Քրիստափորը ինքնաբերաբար կը տեսնէ այդ ժամանակաշրջանի ցարական աւատապետական համակարգի ընկերային ու տնտեսական անարդար յատկանիշները:  Ագուլիսի դաշտերուն մէջ հայ գիւղացին արեւուն տակ իր ճակտի քրտինքը կը թափէր, մինչ իր սեփական ձեռքերով մէջտեղ եկած հունձքը կը յափշտակուէր կուլակներուն (ռուս վաշխառու դասակարգ) կողմէ (երեւոյթ մը, որ չէր տարբերեր Արեւմտահայաստանի մէջ բնակող գիւղացիին առօրեայ կեանքէն):

Քրիստափորի ապրած ընկերային ու տնտեսական առարկայական պայմաններուն զուգահեռ, կար նաեւ ռուսական գիւղացիական-ընկերվարական նարոդնիկական շարժման ենթակայականը: Վերջինս կը ձգտէր ազատագրել գիւղացին` հողատէրերու շահագործումէն: Քրիստափորը հանդիսացաւ այն գլխաւոր դէմքերէն մէկը (եթէ ոչ գլխաւորը), որ հայկականացուց նարոդնիկականութիւնը եւ զայն կապեց հայ գիւղացիի առօրեայ կեանքին դիմագրաւուած ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներու ձերբազատման հետ:

Կրնանք ըսել` առանց որեւէ տարակուսանքի, որ Քրիստափորի տարած գաղափարական  հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ է, որ ձեւաւորուեցաւ ՀՅԴ-ի ընկերվարական գաղափարաբանական դիմագիծը (ազդեցութիւն կրելով նաեւ մարքսականութենէն): Նկատի ունենալով, որ հայութեան մեծամասնութիւնը կ՛ապրէր գիւղերու մէջ ու կը զբաղէր հողագործութեամբ, ան որդեգրեց նարոդնիկականութիւնը, այսպիսով ՀՅԴ-ն զանազանուեցաւ այն ժամանակաշրջանի գործող կուսակցութիւններէն, եւ անոր որդեգրած ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ստացաւ հայկական բնոյթ: Շնորհիւ նարոդնիկականութեան ազդեցութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին, երբ Սիմոն Վրացեանն էր գիւղատնտեսութեան նախարարը, վերջինս հանրայնացուց հողերը` հողատէրերուն ձեռքէն խլելով զանոնք, իսկ Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրումէն ետք (1916-1917) բոլոր գիւղացիներուն միջեւ անոնք հաւասարապէս բաշխուեցան: Այսպիսով, թէ՛ Արեւմտահայաստանի եւ թէ՛ Արեւելահայաստանի մէջ ՀՅԴ-ն վերջ դրաւ գիւղացին շահագործող աղայական ու կուլակային հողատիրական համակարգին:

Մէկ խօսքով, Քրիստափորը հաւատարիմ էր հողին եւ հայուն:

Կրնանք շա՛տ գրել Քրիստափորի կեանքին եւ անոր ձգած ազդեցութեան մասին, սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, թէ այս բոլորը ի՛նչ նշանակութիւն ունին այսօրուան գիւղացիին կեանքին համար:

Նախորդ դարուն ՀՅԴ-ն վերջ դրաւ շահագործումի յետամնաց աղայական ու կուլակային համակարգերուն մեր հայրենի հողին վրայ, իսկ այսօր հողային տարածքներու շահագործումը, հայ գիւղացիին շահագործումը կը շարունակուին, սակայն` տարբեր միջոցներով եւ տարբեր անուանումներու տակ. եթէ երէկ աղաները, պէկերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, իսկ կուլակները Ռուսիոյ մէջ կը շահագործէին հայ գիւղացին, այսօր հայկական հողի վրայ կը գործեն համաշխարհային-բազմազգեան ընկերութիւններ, որոնք կը շահագործեն հանքերը, վտանգ կը հանդիսանան գիւղացիի առողջական կեանքին, պատճառ կը դառնան բնութեան ապականման եւ զբօսաշրջային վայրերու բնաջնջման (որ եկամուտ կը հանդիսանայ բազում աշխատաւոր ընտանիքներուն):

Եթէ այսօր Քրիստափոր Միքայէլեանը ողջ ըլլար, պիտի մերժէր հողին ու հայուն ամէն տեսակի շահագործումները, մանաւանդ` մեծ ընկերութեանց կողմէ, ան այս հարցը պիտի նկատէր պայքարի առաջնահերթ հարցերէն մէկը:

Մնա՛նք հաւատարիմ Քրիստափորի ուխտին:

Շարունակե՛նք մեր սրբազան պայքարը` յանուն հողին եւ հայուն:

 

Նախորդը

Մարդկութիւնը Մարդկայնացնող Ժահրը

Յաջորդը

Իրա՛ւ Առաջնորդը (Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 115-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?