Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան` Սեւ Ոսկիին Եւ Պսակաձեւ Ժահրին Միջեւ

Մարտ 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Հակառակ անոր որ քարիւղի միջազգային սակերը աննախընթաց նահանջ մը արձանագրած են, Պաքուի իշխանութիւնները կը խոստանան չկրճատել ընկերային զարգացման ծրագրերը: Անոնք նաեւ կը պնդեն, որ մանաթի արժեզրկման առաջքը առնելու համար Կեդրոնական դրամատունը անհրաժեշտ պահեստները ունի:

Սակայն հարաւկովկասեան տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակներուն եւ զարգացումներուն մօտէն հետեւող տնտեսագէտներ այլ կարծիք ունին: Անոնք համոզուած են, որ քարիւղի համաշխարհային սակերուն անկումը Եւրասիական ամբողջ տարածքին մէջ պիտի փոխէ տնտեսական բոլոր կանխատեսումները եւ քարիւղ արտահանող Ազրպէյճան, Ղազախստան եւ Ռուսիա արդէն իսկ պիւտճէի կրճատումներու եւ ազգային դրամանիշներու արժեզրկման կը պատրաստուին: Անոնք նաեւ այս երկիրներուն մէջ տնտեսական անկումներու մասին իրենց ակնկալութիւնները չեն թաքցներ:

Այս անորոշութեան բարձրացման գործօններէն մին կը համարուի նաեւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը, որուն պատճառով միջազգային շուկաներուն վրայ քարիւղի պահանջը նկատառելի նահանջ արձանագրած է:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անցեալ տարի ամսականները բարձրացուցին եւ աւելցուցին ընկերային ծրագրերու յատկացուող գումարները: Այս քայլերուն նպատակն էր պայքարիլ սղաճին դէմ եւ լռեցնել դժգոհութեան ձայները, որոնք սկսած էին երկրին տարածքին բարձրանալ, որովհետեւ մարդիկ կը գանգատէին, որ քարիւղով հարուստ Ազրպէյճանի քաղաքացիները աղքատ են, իսկ իշխանութեան գլուխը գտնուող իշխանախումբը միլիառաւոր տոլարներու մէջ թաղուած է:

Օրին նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ ընկերային ծրագրերուն ծախսերը պիտի հայթայթուին` հարկային բարեփոխումներով, աւելի բարձր մաքսատուրքերով եւ արժէքի աւելցած հարկերով: Ան նաեւ ակնկալած էր, որ Ազրպէյճան զբօսաշրջային աճ արձանագրէ:

Պաքուի Տնտեսական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի փորձագէտները, սակայն, նկատել կու տան, որ այս բոլոր եկամուտները պիտի չապահովուին` քորոնավայրըսի համաճարակին պատճառով: Իսկ Միջազգային դրամական ֆոնտին մասնագէտներուն գնահատականով, Ազրպէյճանի պետական պիւտճէին հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է, որ քարիւղին մէկ տակառին գինը յիսուներեք տոլար ըլլայ, մինչդեռ անիկա այսօր երեսուն հինգ տոլար է:

Իսկ ազրպէյճանցի անկախ ելեւմտագէտներ արդէն իսկ ահազանգ հնչեցուցած են, որ մանաթին արժէքը պահպանելու համար Կեդրոնական դրամատունը միայն քանի մը ամսուան համար պահեստներ ունի:

Ուրեմն, ըստ ելեւմտական հարցերու մասնագէտներու, կը մնայ մէկ ընտրանք: Ներդրումային միջոցներու եւ ռազմական ծախսերու կրճատումը: Եւ նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, որուն նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մնայուն կերպով պատերազմի ընտրանքը բաց կը պահեն, այնքան ալ դիւրին չէ կրճատել զէնքի եւ զինամթերքի գնումները, իսկ յստակ է, որ այս տարի ներդրումները շատ աւելի քիչ եղած են` բաղդատած անցեալ եւ նախորդ տարիներուն, ինչ որ առաւել կրճատումներու առիթներ չի ստեղծեր:

Ամենայնդէպս, Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին նորագոյն զեկոյցը կը հաստատէ, որ Ազրպէյճան վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին քառասուն առ հարիւրով նուազեցուցած է զէնքի գնումը: Սակայն նոյնիսկ նման նահանջով մը Ազրպէյճան Հայաստանէն երեք անգամ աւելի զէնք գնած է վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին:

Ազրպէյճան զէնքերու իր գնումներուն վաթսուն մէկ առ հարիւրը կատարած է Իսրայէլէն, իսկ միայն երեսուն մէկ առ հարիւրը` Ռուսիայէն: Զեկոյցին հեղինակները կը վկայակոչեն ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եւ կը շեշտեն, որ թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ազրպէյճան կը կուտակեն հրթիռներ, որոնք կրնան շատ աւելի հեռու թիրախներ հարուածել: Իսկ տեղին է նշել, որ նոյն զեկոյցին համաձայն, Հայաստան վերջին հինգ տարիներուն 415 առ հարիւրով բարձրացուցած է զէնքի եւ զինամթերքի գնումները` բաղդատած նախորդ հինգ տարիներու տուեալներուն:

Քարիւղի արտադրութեան քանակին նուազեցման վերաբերեալ խուլ պատերազմը ընթացք առած է Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, եւ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ ռուսերը բաւական լաւ պատրաստուած են այս պատերազմին, հակառակ անոր որ առաջին հարուածները հասան ռուսական դրամանիշին: Մեզի համար առաւել ուշադրութեան առարկայ է «քարիւղով հարուստ» Ազրպէյճանը, ուր ժողովրդային լուրջ գանգատներ եւ բողոքներ նախապէս ճնշուած են բրտօրէն, ապա յայտարարուած են ընկերային որոշ ծրագրեր, որպէսզի լռութեան մատնուի ժողովրդային պահանջներուն աղմուկը: Բայց պսակաձեւ ժահրի տնտեսական ազդեցութեան նախանշանները ի յայտ սկսած են գալ, եւ իբրեւ առաջին զոհերէն մէկը` Ազրպէյճան կը մատնուի բաւական տագնապալի վիճակի մը, որուն ժխտումը եւ ուրացումը յար եւ նման է Արցախի պատմութեան, պատկանելիութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի վերաբերեալ Ազրպէյճանի վարած նենգափոխման եւ խեղաթիւրման քաղաքականութեան:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ցաւակցութիւններ… Մոսկուայի Մէջ

Յաջորդը

Մարդկութիւնը Մարդկայնացնող Ժահրը

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?