Իտլիպի մէջ ստեղծուած պայթուցիկ կացութիւնն ու յատկապէս Ռուսիոյ բանակին հովանաւորութեամբ սուրիական օդուժի անակնկալ հարուածի մը հետեւանք` երեսունէ աւելի թուրք զինուորներու մահը պատճառ եղաւ, որ մարտ 5-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենայ Էրտողան-Փութին հանդիպումը, որուն տեւողութիւնը` վեց ժամ, ցոյց կու տայ, որ բաւական հարցեր «ծեծուած» են:
Իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս լրատուական զանազան վերլուծումներուն հետ քայլ պահելով` կարելի է այն եզրակացութեան յանգիլ, որ այս գլուխ-գլխի հանդիպումը այդքան ալ հեզասահ ձեւով չէ ընթացած: Անգարայի մօտիկ աղբիւրներ կը հաւաստիացնեն, որ Էրտողան ձեռք երկարած է քաղաքական հարցը տնտեսական մօտեցումով լուծելու եւ առաջարկած է, Մոսկուայի հետ գործակցելով, պեղել եւ շահագործել Սուրիոյ հանքերը:
Սակայն, ակնթարթ մը այս հեռուէն դիտուած եւ վերլուծուած խօսքերը մէկդի դնելով, տեղին է կեդրոնանալ հանդիպման վայրին եւ մեկնարկին մասին:
Վայր` Մոսկուա… Էրտողան` «փրոթոգոլային» հաշիւները մէկդի դնելով, պարզ ու մեկին, փոխանակ Անգարայի Սպիտակ պալատին մէջ ընդունելու ցաւակցութիւնները, մեկնած էր իր զոհերուն պատճառ հանդիսացած երկիրը եւ հոն ընդունած` յապաղումով ժողովասրահ ժամանած Վլատիմիր Փութինի վշտակցութիւնը: Զարմանալի մօտեցում, մանաւանդ երբ նկատի առնուի սուլթանամէտի մը գործելաձեւը:
Փութինն ալ իր «որջին» մէջ կրցաւ ամենայն պատշաճութեամբ եւ ճկունութեամբ կացութեան տէր դառնալ եւ ճոխ «փրոթոգոլային» բառամթերքով, նաեւ հաւասարակշռուած, լաւապէս չափուած ու ձեւուած խօսքերով այս երկար հանդիպման մեկնարկը կատարեց:
Առանց նոյնիսկ իր հրաւիրեալին նայելու, Ռուսիոյ ղեկավարը ցաւակցութիւն յայտնեց` ընդհանրացնելով պատահածը եւ լափալիսեան իրականութեամբ մը շարունակելով, թէ նմանօրինակ դէպքեր ողբերգական են, եւ թէ սուրիական ուժերն ալ նմանօրինակ ողբերգութիւններ ապրած են:
Հոս էր, որ սուլթանամէտ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը բոլորովին անակնկալի բերաւ դէտերը եւ փոխանակ սաստելու, միջամտելու եւ ընդհատելու դիմացինին «կեղծիք»-ն ու փաղաքշական խօսքերը, ամենայն հանդարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ տեղի տուաւ` առանց իսկ ամենադոյզն ցասում արտայայտելու:
Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար «հայրենիքին համար զոհուած» (անշուշտ` հայրենիքէն դուրս, սուրիական հողի վրայ…) զինուորներուն անմիջական պարագաներուն մօտեցումն ու կարծիքը: Քանի մը շաբաթ ետք եւ ահաւասիկ Թուրքիոյ ղեկավարը մոռցած էր արեան գինը պահանջելու այդ դժուար պարտականութիւնը եւ եկած էր մութ հաշիւներու ետին կանգնած` «տակից» առաջարկներ կատարելու:
Արդեօք թուրքը չնկատե՞ց, թէ ի՛նչ կը կատարէր իր բնակած երկրի ղեկավարը, չնշմարե՞ց քծնողի մը տիպարը, որ փոխանակ արեան գին պահանջելու` եկած էր այլ պեղումներ կատարելու եւ բազկերակ շօշափելու: Արդէն իսկ խորհրդարանի ընդդիմադիր ճակատը տեղեկացուց, որ «սուլթան» Էրտողան թրքական ուժերը ահաբեկիչներուն աջակցելու ուղարկելով` պատճառ դարձաւ զինուորներուն սպանութեան:
Հուսկ, նոյնինքն Էրտողան չնկատեց, որ այդ գլուխ-գլխի հանդիպումը կատարուեցաւ սենեակի մը մէջ, ուր կը գտնուէր վիթխարի արձանը Կատարինէ Բ. ցարուհիին, որ 1768-74 թուականներուն ջախջախած էր Օսմանեան կայսրութիւնը: